Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Լեզուի Կոմիտէն Կը Ներկայացնէ Շարք Մը Օտար Բառերու Հայերէն Համարժէք Տարբերակները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէն շնորհակալ նախաձեռնութեամբ մը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գործածուող շարք մը օտարաբոյր բառերու հայերէն տարբերակը: Ի տես ներկայացուած ցանկին, որքա՜ն զարմանալի այնքան հպարտառիթ է լուրը երբ կ՛անդրադառնանք, որ հայրենիքէ հեռու հայկական սփիւռքներուն մէջ ցանկին մէջ նշուած բառերու հայերէն տարբերակները մենք նախակրթարանէն սորված ենք եւ կը կիրարկենք մեր առօրեային մէջ…: Տարոսը մեր հայրենի եղբայրակիցներուն:

«Խմբ.»

 

Լեզուի Կոմիտէն կը ներկայացնէ օտարաբանութիւններու եւ անոնց հայերէն համարժէքներու նոր ցանկ: Այս բառացանկով ոչ թէ նորաստեղծ բառեր կ՛առաջարկէ, այլ կը յիշեցնէ եղած, երբեմն ալ հին, սակայն ոչ միշտ գործածուող հայերէն բառերու մասին: Ներկայացուող բառերը, անշուշտ, շատերուն ծանօթ են, սակայն որոշներու համար համար անյայտ են ու նոր:

Խօսելու եւ գրելու ատեն նկատի ունենալ օտար բառերու հայերէն հետեւեալ համարժէքները.

  1. ալտերնատիւ – 1. այլընտրանքային, 2. այլընտրանք
  2. անեսթեզիա – անզգայութիւն, անզգայացում
  3. ասիստենտ – ընթերակայ, օգնական
  4. ասոցիացիա – ընկերակցութիւն, ընկերութիւն, միութիւն
  5. ասպեկտ – հայեցակէտ, տեսանկիւն, դիտանկիւն
  6. բանդա – յանցախումբ, աւազակախումբ
  7. բուտիկ – կրպակ
  8. գարնիր – խաւարտ
  9. գլադիոլուս – թրաշուշան
  10. դեկլարացիա – յայտարարագիր, հռչակագիր, յայտարարութիւն
  11. դեպորտացիա- արտաքսում, վտարում
  12. դեսերտ – աղանդեր
  13. դետալ – 1. մանրակ, մաս, 2. մանրամասնութիւն, մանրամաս
  14. դիլեմա – երկընտրանք
  15. իմպլեմենտացիա – կիրարկում
  16. ինովացիա – նորարարութիւն, նորամուծութիւն
  17. լանցետ – նշտար
  18. կալայ – փողաշուշան
  19. կատաստրոֆիկ – աղէտալի
  20. կաֆել – հախճասալ, սալիկ
  21. կուլմինացիա – բարձրակէտ, գագաթնակէտ
  22. մանժետ – թեզանիք
  23. մանիակ – մոլագար
  24. մարիոնէտ – խաղատիկնիկ, խամաճիկ
  25. մեսիջ – 1. հաղորդագրութիւն, 2. ուղերձ
  26. շտամպ – դրոշմ, դրոշմակնիք
  27. պատենտ – արտօնագիր
  28. պեդալ – ոտնակ
  29. պոտենցիալ – ներուժ, կարողութիւն
  30. պրեպարատ – պատրաստուկ
  31. պրոդուկտ – արդիւնք, արտադրանք
  32. պրոդուկտիւ – արդիւնաւէտ
  33. ռադիկալ – արմատական
  34. ռացիոնալ –  բանական, տրամաբանական
  35. ռուբին – սուտակ
  36. վակցինայ – պատուաստանիւթ
  37. տելեպատիա– հեռազգայութիւն, հեռազգացութիւն
  38. տենդենց – միտում
  39. տոտալ – ամբողջական, համապարփակ, համընդգրկուն
  40. ֆենոմենալ – բացառիկ, արտասովոր, արտակարգ

ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին