«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փետրուար 26-Մարտ 1, Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ («The Roots»), «Կովկասի ինստիտուտ»-ին կողմէ պիտի կազմակերպուի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութեան եւ ներկայացման հմտութիւններու զարգացման դասընթաց:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ դասընթացը կը կազմակերպուի Արցախի քաղաքացիական ծառայողներուն համար: Անիկա բաղկացած է երկու մասէ՝ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու խմբագրական հմտութիւններու զարգացում եւ հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութիւն ու ներկայացում: Դասընթացի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը եւ ռուսերէնը։