«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը Facebook-ի իր պաշտօնական էջին վրայ ահազանգած է Պոլսոյ Պալաթ թաղամասը գտնուող հայկական Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ պատերուն ու դրան վրայ եղած գրութիւններուն մասին, որոնք կը կրեն ատելութեան խօսք եւ ունին ցեղապաշտական բնոյթ:
Հայոց պատրիարքութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ գրութիւնները անգլերէն եւ արաբերէն են։ Թաղային խորհուրդի անդամները Փետրուար 23-ին ուշ երեկոյեան, նկատելով այդ գրութիւնները, անմիջապէս տեղեակ պահած են Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:
Տեսագրութիւնը եւ նկարները ուղարկուած են ոստիկանութեան տարածքային բաժին։