Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Պարտադիր Զինուորական Ծառայութենէն Խուսափած 9985 Քաղաքացի Ազատուած է Քրէական Հետապնդումէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի մէջ սահմանուած կարգով վճարուած եւ քրէական հետապնդումէն ազատուած է 27 տարին լրացած պարտադիր զինուորական ծառայութենէն խուսափած 9985 քաղաքացի: «Արմենփրես»-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Սահմանուած կարգի խախտումով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներու մասին» ՀՀ օրէնքը ուժի մէջ մտնելէն ի վեր (2003-ի Դեկտեմբեր 17) սահմանուած կարգի խախտումով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներուն դիմումները քննարկուող միջգերատեսչական յանձնաժողովը 9985 քաղաքացիի վերաբերեալ տուած է դրական որոշում:

Օրէնքին համաձայն` նշուած ժամանակահատուածին ՀՀ ՊՆ յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է 11 միլիառ 81միլիոն 46 հազար դրամ:

Այդ գումարները կ՛օգտագործուին ռազմական կարիքները բաւարարելու համար` ՀՀ կառավարութեան սահմանուած կարգով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին