Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Թուրքմենիստանի Նախագահին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: 

Նիկոլ Փաշինեան եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովը կարեւորած են առեւտրատնտեսական երկկողմ կապերու խթանման ուղղուած աշխատանքներու իրականացումը: Զրուցակիցները ընդգծած են հայ-թուրքմենական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին