Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Միջազգային Գնորդները կը Ծանօթանան Հայաստանեան Նորաձեւութեան ու Կերպասեղէնի Արտադրանքին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Բիզնես Արմէնիա»-ի աջակցութեամբ՝ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի 14 արտադրողներ, Փետրուար 25-28-ին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին «CPM–Collection Premiere Moscow 2019» նորաձեւութեան եւ կերպասեղէնի արտադրանքի միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են «Բիզնես Արմէնիա»-ի հանրային կապերէն:

«Անցեալ տարի մասնակից 5 ընկերութիւն կնքած է շուրջ 230 միլիոն դրամի պայմանագիր։ Այս տարի նոյնպէս կը մասնակցին արտահանման մեծ ներուժ ունեցող ընկերութիւններ, անոնց շարքին՝ առաջին անգամ՝ ներկայացուած են նոր ապրանքանիշեր»,- նշած է «Բիզնես Արմէնիա» հիմնադրամի ձեռնարկներու կազմակերպիչ Լուսինէ Յովհաննիսեան։

«CPM 2019»-ին հայաստանեան նորաձեւութեան ու կերպասեղէնի արտադրանքը ներկայացուած է ազգային 2 տաղաւարի մէջ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կը ցուցադրուի ներքնազգեստ, տնային եւ մարզական հագուստներ՝ «Alex», «Melante», «Araqsa» եւ «Viva» ապրանքանիշերէն` https://goo.gl/axCJMs , իսկ միւսին՝ նորաձեւութեան կերպարներ «Z.G.Eest», «Kivera», «Zakaryan», «Ruzane», «Shabeeg», «Margonie», «Petoor», «Artuyt» ապրանքանիշերէն` https://goo.gl/dJy4XD :

«CPM»-ը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նորաձեւութեան արդիւնաբերութեան խոշորագոյն ցուցահանդէսն է։ Անիկա կ՝ընդգրկէ թեթեւ արդիւնաբերութեան բոլոր հատուածները։ 15 սրահներու մէջ կը ցուցադրուի 50 խումբ ապրանք։ Ցուցահանդէսը կ՝ունենայ աւելի քան 20,000 այցելու՝ մեծածախ գնորդներ, ոլորտի մասնագէտներ, բաշխողներ, առեւտրային ցանցեր, ներմուծողներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին