«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարտունիի եւ Եղեգնաձորի մէջ պիտի կառուցուին նոր եւ ժամանակակից բժշկական կեդրոններ, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: «Նախագիծերը շուտով պիտի հրապարակեմ»,-գրած է ան:
ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան Առողջապահական Ծրագիրներու Իրականացման Գրասենեակին մէջ Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած է Համաշխարհային դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող «Հիւանդութիւններու կանխարգելում եւ վերահսկում» թիւ 5222-ԱՄ վարկային ծրագրի ծիրէն ներս իրականացուող ՀՀ Վայոց ձորի մարզային եւ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ նոր բժշկական կեդրոններու կառուցման համար նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու մշակման եւ հեղինակային հսկողութեան իրականացման պայմանագրի ստորագրումը:
2018 թուականի Օգոստոս 1-ին վերոնշեալ երկու նոր բժշկական հաստատութիւններու կառուցման համար` նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու մշակման եւ հեղինակային հսկողութեան իրականացման նպատակով յայտարարուած մրցոյթին յաղթած էլ Հայնախագիծ ԲԲԸ-ն:
Մարտունիի նոր բժշկական կեդրոնը, բաղկացած բազմագործառոյթ հիւանդանոցէն եւ բուժարանի հատուածէն, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ Մարտունիի տարածաշրջանի շուրջ 89 հազար բնակչութեան մատուցել որակեալ, մատչելի եւ արդի բժշկական ծառայութիւններ, իսկ Վայոց ձորի մարզային նոր բժշկական կեդրոնը պիտի սպասարկէ Վայոց ձորի մարզի շուրջ 49.6 հազար բնակչութեան: