Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Հզպալլայի Երեսփոխանը Կը Պահանջէ Հետաքննել Պետական Միլիոնաւոր Գումարներու Կորուստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անհնար է Լիբանանի տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը, մինչեւ պետական միլիոնաւոր գումարներու կորուստի մանրակրկիտ հետաքննութիւնը: Այս մասին յայտնեց երեսփոխան, Հզպալլայի հակակաշառակերութեան պիւրոյի պատասխանատու Հասան Ֆատլալլա:
«Մենք կ’անգիտանանք, թէ պետական ելեւմտական հաշիւներէն միլիառաւոր գումարները ո՛ւր ծախսուած են»,- ըսաւ ան մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսին՝ ներկայացնելով Լիբանանի ելեւմտական գոյավիճակը որպէս «կազմակերպուած քաոս»:
«Այդ մեծաքանակ գումարներու շարքին են պետական կառոյցներու, որոնց կարգին՝  Electricite du Liban-ին եւ Օգնութեան բարձրագոյն խորհուրդին տրուած կանխավճարները, որոնք ծախսուած են առանց օրինական արդարացումի կամ յստակ բացատրութեան»,- ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին