Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Թրամփ Որոշեց Յետաձգել Նոր Մաքսերու Սահմանումը Չինական Ապրանքներուն Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ պիտի յետաձգէ 200 միլիառ տոլար ընդհանուր արժողութեամբ չինական ապրանքներու մաքսերու՝ Մարտ 1-ին ծրագրուած բարձրացումը՝ նշելով էական յառաջընթացը Փեքինի հետ բանակցութիւններուն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Ուրախ եմ յայտնելու, որ ԱՄՆ-ը էական յառաջընթացի հասած է Չինաստանի հետ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններուն: Հաշուի առնելով այդ բանակցութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը՝ ես կը յետաձգեմ մաքսերու բարձրացումը, որ այժմ ծրագրուած է Մարտ 1-ին»,- Փետրուար 24-ին գրած է ան իր Twitter-ի էջին վրայ: Մասնաւորապէս, Թրամփի խօսքով՝ յառաջընթաց ձեռք բերուած է այնպիսի թեմաներու շուրջ, ինչպէս՝ «մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը, արհեստագիտութիւններու յանձնումը, գիւղատնտեսութիւնը, ծառայութիւնները, արժոյթը» եւ այլ բնագաւառներ: Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը նաեւ յայտնած է, որ կը ծրագրէ Ֆլորիտայի իր առանձնատունը ընդունիլ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը եւ անոր հետ մշակել առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնութիւնները: Իր հերթին, Չինաստանի առեւտուրի նախարարութենէն յայտարարած են, որ Փեքինը եւ Ուաշինկթընը զգալի յառաջընթացի հասած են Ուաշինկթընի մէջ կայացած առեւտրական բանակցութիւններուն, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին