«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ խորհրդարանը ընտրած է օրէնսդիր մարմինի նոր նախագահ: Խորհրդարանի նախորդ նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը Փետրուար 19-ին հրաժարական տուած էր:
Վկայակոչելով «Diken»-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, որ այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 27-րդ գումարման խորհրդարանի նոր նախագահի պաշտօնին համար ընտրուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) պատգամաւոր Մուսթաֆա Շէնթոփը: