«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպական Միութեան եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համատեղ ջանքերով՝ Տաւուշի մարզի բնակիչներուն համար ստեղծուած է 31 կայուն աշխատատեղ։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն։
Եւրոմիութեան ու ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ համաֆինանսաւորուող «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագիրին ծիրէն ներս՝ IDeA հիմնադրամը 2018 Յուլիսին յայտարարած էր փոքր դրամաշնորհներու մրցոյթ՝ զբօսաշրջութեան, հիւրընկալութեան, արուեստի ու արհեստի ոլորտներու մէջ աշխատող անհատներու եւ ձեռնարկութիւններու համար:
Նշենք, որ «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագիրը մէկն է այն 8 դրամաշնորհային ծրագիրներէն, որոնք կ՝իրականացուին Եւրոպական միութեան եւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Տարածաշրջանային զարգացման պիլոտային ծրագիր»-ին ծիրէն ներս: IDeA հիմնադրամը կ՝իրականացնէ երկամեայ դրամաշնորհային ծրագիրը Եւրոպական միութեան եւ ազգային համաֆինանսաւորմամբ։
Նախաձեռնութեան նպատակն է, իբրեւ զբօսաշրջային ուղղութիւն, զարգացնել Դիլիջանն ու յարակից՝ Թեղուտ, Հաղարծին, Գօշ, Հովք, Աղաւնավանք, Խաչարձան համայնքները, եւ աւելցնել տարածաշրջան այցելողներուն թիւը՝ ստեղծելով զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ միջավայր եւ խթանելով տեղական տնտեսութիւններու զարգացումը։
Ծրագրի շահառու դարձած են Տաւուշի մարզի առնուազն 330 բնակիչ եւ 120 ձեռնարկութիւն։ Անոնց աջակցութիւն տրամադրուած է կարողութիւններու զարգացման դասընթացներու միջոցով՝ նպատակ հետապնդելով Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու մէջ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ հիւրընկալութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել Տաւուշի մարզին մէջ գործազրկութեան նուազեցման։
Ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ շուրջ 1 միլիոն 195 հազար եւրոյ, որմէ 780 հազարը ԵՄ կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհն է: