Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Դեղին Բաճկոնաւորներուն» Նկատմամբ Ֆրանսացիներու Համակրանքը Անկում Արձանագրած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Դեղին բաճկոնաւորներու» շարժումը աստիճանաբար կը կորսնցնէ Ֆրանսայի բնակիչներուն ժողովրդականութիւնը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը վկայէ հասարակական կարծիքը: Նշենք, որ ֆրանսական շարք մը լրատուամիջոցներ, այդ կարգին՝ «L’Express»-ը եւ «France Inter»-ը հարցախոյզ իրականացուցած են: Հարցումին պատասխանած անձանց 55 տոկոսը յայտարարած է, որ կը ցանկար «դեղին բաճկոնաւորներու» ցոյցերու դադրեցում:

Մինչդեռ Յունուար 23-ին տեղի ունեցած հարցախոյզի տուեալներով՝ ֆրանսացիներու 51 տոկոսը հանդէս կու գար բողոքի ցոյցերը շարունակելու օգտին: Միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի վարկանիշը բարձրացած է մինչեւ 32 տոկոս՝ 2018 թուականի Նոյեմբերի կէսերէն ի վեր առաւելագոյն ցուցանիշ, երբ տեղի ունեցած են «դեղին բաճկոնաւորներու» առաջին ցոյցերը: Այսպիսով, նախագահին վարկանիշը մէկ ամսուան մէջ աճած է 2 տոկոսային կէտով, իսկ Դեկտեմբերին Մաքրոնի ժողովրդականութիւնը նուազած էր մինչեւ 27 տոկոս: Հարցախոյզի տուեալները ցոյց տուած են վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի ժողովրդականութեան աճը 1 տոկոսային կէտով՝ մինչեւ 33 տոկոս, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին