Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Արտադրուող Բաճկոնները Եւրոպական Շուկայ Կ՝արտածուին

Արցախի մէջ, հինգ տարի առաջ հիմնուած «Great Partners» ընկերութեան արտադրած բաճկոնները արդէն կ՚արտածուին եւրոպական շուկայ: Ընկերութիւնը կը գործակցի եւրոպական հանրաճանաչ շարք մը ընկերութիւններու հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հինգերորդ Ալիք լրատուամիջոցը։

Օգտագործուող հումքը եւրոպական է, եւ բաճկոններուն ձեւաւորումը կը կատարուի եւրոպացի մասնագէտներու կողմէ, իսկ կարուածքը՝ արցախցի դերձակներու: Եւրոպացի մասնագէտները կը նշեն, թէ արտադրանքի որակը կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն, եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը վաճառուին եւրոպական շուկային մէջ։

Նշենք, որ նշեալ ընկերութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ունի 300 աշխատաւոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին