Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հարիրի Եւ Եւրամիութեան Պաշտօնատարները Հանդիպեցան ԵՄ-Արաբական Պետութիւններու Լիկայ Գագաթնաժողովի Ծիրէն Ներս

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Փետրուար 24-ի յետմիջօրէին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ Եւրամիութեան պաշտօնատարներուն հետ Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքին մէջ ԵՄ-Արաբական պետութիւններու լիկայ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
Երկօրեայ գագաթնաժողովին արաբ ու եւրոպացի ղեկավարները պիտի քննարկեն մարդոց մաքսանենգութեան դէմ պայքարի եւ անվտանգութեան, առեւտուրի, զարգացումի եւ գաղթի վերաբերող շարք մը խնդիրներ: Գագաթնաժողովը կը նախագահէ Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ Ֆաթթահ Ալ Սիսի:
Վարչապետին կ’ուղեկցին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Ուաըլ Ապու Ֆարուր եւ մշակոյթի նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:
ԵՄ-ԱՊԼ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հարիրի բանակցութիւններ վարեց Չեխիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անտրէյ Պապիչի, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Ալ Սաֆատի, եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնումի բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի եւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցի հետ:
Ան հանդիպեցաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի հարցերով նախարար Ալիսթեր Պըրթին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական այժմու յարաբերութիւնները:       

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին