«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենեզուելայի զինուորականները, համաձայն նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի կարգադրութեան, հրաման ստացած են ուժերը դիրքաւորել Գոլոմպիոյ հետ սահմանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:
«Կատարելով գլխաւոր հրամանատար Մատուրոյի կարգադրութիւնները՝ մեր հրամանատարը՝ Ռեմիխիօ Սեպալոսը, զինուած ուժերուն հրամայած է տեղակայուիլ Գոլոմպիոյ հետ սահմանին՝ ապահովելու ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»,- կ’ըսուի Վենեզուելայի ԶՈՒ հրամանատարութեան կողմէ թուիթըրի էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ:
Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը Փետրուար 23-ին խոստացած է երկիր հասցնել մարդասիրական օգնութիւն, ինչ որ Մատուրոյի կառավարութիւնը կտրականապէս կը հրաժարի ընդունիլ: Նախագահը յայտնած է Պրազիլի հետ ցամաքային սահմանը եւ Գոլոմպիոյ հետ սահմանը փակելու հնարաւորութիւնը դիտարկելու մասին:
Յունուար 23-ին ընդդիմութեան առաջնորդ Խուան Կուայիտօն ինքզինք երկրի ղեկավար հռչակած է: ԱՄՆ-ը եւ մի քանի տասնեակ, այդ կարգին՝ եւրոպական 20 երկիր յայտարարած են, որ կը ճանչնան Կուայիտօն: Ռուսիան, Չինաստանն ու շարք մը այլ երկիրներ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Մատուրոյին: