«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վանաձորի մէջ «Իմ քայլը յանուն Լոռի մարզի» ներդրումային համաժողովի ծիրէն ներս խումբ մը գործարարներու հետ քննարկած է տարբեր ներդրումային ծրագիրներ, որոնք պիտի իրականացուին տնտեսութեան առանձին ճիւղերու մէջ: Գործարարները կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուցած են իրենց նախաձեռնութիւնները, որոնք միտուած են նոր արտադրութիւններ հիմնելու եւ աշխատատեղեր ստեղծելու: Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու ծիրէն ներս օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացումին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը ներկայ գտնուած է համաժողովի ծիրէն ներս ներկայացուած ներդրումային ծրագիրներու քննարկումին: Ծրագիրները կը նախատեսուին իրականացնել գիւղատնտեսութեան, մեքենաշինութեան, զբօսաշրջութեան, ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շրջայց կատարած է Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնը, ծանօթացած է ծրագրաւորումի ու ճարտարագիտական ուսումնական աշխատանոցներու եւ սկսնակ ընկերութիւններու գործունէութեան: Մասնաւորապէս, վարչապետին ներկայացուած են High-Tech Gateway, Omni Code, ArchiDutch ընկերութիւններու աշխատանքները` ցանցակայք, ճարտարապետական նախագիծեր մշակելու ուղղութեամբ: Կառավարութեան ղեկավարը եղած է նաեւ ճարտարագիտական եւ համակարգչային աշխատանոցները:
Տեղեկացուած է, որ Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ ՏՏ ոլորտի մասնագէտներուն համար տեղի կ’ունենան մէկամեայ դասընթացներ, որոնց արդէն իսկ մասնակցած է մի քանի հարիւր մասնագէտ, անոնցմէ մէկ մասը աշխատանքի անցած է յայտնի ընկերութիւններու, այդ կարգին՝ Վանաձորի մասնաճիւղերուն մէջ: Դասընթացներ կը կազմակերպուին այլ թիրախային խումբերու, մասնաւորապէս, դպրոցականներու համար (10-14 տարեկան), կ’իրականացուին նաեւ համակարգչային ճարտարագիտական նախագծումի դասընթացներ:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է արհեստագիտական կեդրոնի գործունէութիւնը եւ յորդորած այնտեղ տեղակայուած սկսնակ ընկերութիւններուն ներկայացնել արդիւնաւէտ ծրագիրներ, որոնց իրականացումին կառավարութիւնը պատրաստ է ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը: