«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախարարները պարտին իրենց քաղաքական տարակարծութեանց զոհ չդարձնել երկիրը, այլ անշահախնդիր նուիրուածութեամբ աշխատիլ՝ յանուն ժողովուրդի շահերուն: Այս մասին յայտնեց մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի:
«Անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը ամրապնդէ գործակցութիւնը իր իսկ անդամներուն միջեւ եւ շրջանցէ առկայ տարաձայնութիւնները»,- ազգային լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ ըսաւ պատրիարքը:
Յիշեցնենք, որ վստահութեան քուէին յաջորդած առաջին նիստը Սուրիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներու պատճառով նախագահ Միշէլ Աուն ստիպուած յետաձգած էր՝ ընդգծելով, որ ինք անձամբ պիտի որոշէ երկրի գերագոյն շահերը:
Աունի հետ հանդիպումին Ռաաի այդ առումով համակարծիք գտնուած էր նախագահին եւ մասնաւորաբար նշած. «Նախագահը սահմանադրութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանն է, եւ նախարարաց խորհուրդի նիստին իր դիրքորոշումը գնահատելի էր եւ պատուաբեր»,- նշած էր Ռաաի: