«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թենեսի Ուիլիըմզ (իսկական անունը՝ Թոմաս Լանիր Ուիլիըմզ III (անգլ.՝ Thomas Lanier «Tennessee» Williams III) (26 Մարտ 1911, ԱՄՆ – 25 Փետրուար 1983, Նիւ Եորք, ԱՄՆ), ամերիկացի թատերագիր։ Սորված է Միսսուրիի եւ Այովայի համալսարանները։ Իրականութեան քննադատական ընկալումը («Ապակէ գազանանոցը», 1945), օտար շրջապատի մէջ մեռնող հերոսներու նկատմամբ կարեկցանքը («Ցանկութիւն», 1947, «Օրփէոսը կ’իջնէ դժոխք», 1955) Ուիլիըմզի փիեսներուն ուժեղ կողմն են։
Բնապաշտութեան, արդիապաշտութեան եւ ժամանակակից փիլիսոփայութեան մէջ գաղափարապաշտ ուղղութիւններու ազդեցութիւնը կը կրեն «Իկուանի գիշերը» (1961) տրաման, «Հրէշային երկիր» (1970) ժողովածուի փիեսները եւ այլ գործեր։ «Փլաստիկ թատրոն»-ի իր ըմբռնումներուն համաձայն՝ Ուիլիըմզը գլխաւոր դերը չի յատկացներ գրական միջոցներուն, այլ բեմայարդարումներուն եւ բեմական տեղորոշումներուն:
Ուիլիըմզի պատմուածքները («Ութ օրինաւոր մոլագար կանայք», 1974, ժող․) գեղարուեստօրէն մօտ են իր թատերգութեան։