Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբաններու Հոգեհանգսիտ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»։ Մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի յիշեալ բառերը մեզ մտածել կու տան մեր գոյութեան պատճառին մասին։ Կան մարդիկ, որոնք այս կեանքը կ՚ապրին ու կ՚ըմբռնեն որպէս նպատակ, իսկ ուրիշներ՝ իբրեւ միջոց հասնելու համար իրենց անձերէն վեր հաւաքական ու սրբազան նպատակներու։ Այս վերջին խումբին պատկանեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետները ու զինուորագրեալ միաբանները, որոնք անձնուրացութեամբ եւ անձնուիրութեամբ իրենց կեանքը որպէս զոհ ընծայաբերեցին մեր եկեղեցւոյ պայծառացման եւ մեր ազգին գոյատեւման ու պահպանման ի խնդիր։

 

Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երախտապարտ ըլլալով իր միաբանութեան եւ յարգելով անոնց անթառամ յիշատակը, Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, «Զարեհեան» յուշարձան-դամբարանին մէջ հոգեհանգստեան յատուկ կարգ կատարեց «վասն հոգւոցն հանգուցեալ հայրապետացն սրբոյ Աթոռոյս եւ համայն միաբանից Ուխտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»։

 

Այս առիթով, Կիլիկեան Միաբանութիւնը վերանորոգեց իր ծառայական ուխտը հանդէպ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին