Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չէ Բացառած Սուրիական Իտլիպի Մէջ Ռազմական Գործողութիւններ Իրականացնելու Հնարաւորութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զաֆիրը չէ բացառած սուրիական Իտլիպի մէջ տիրող իրավիճակին ռազմական լուծում տալու հաւանականութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը գրէ «РИА Новости» գործակալութիւնը:
Իտլիպը «Ժապհաթ ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ գրաւուած էր 2015-ին: Ան Սուրիոյ՝ ահաբեկիչներուն եւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներուն կողմէ վերահսկուող վերջին շրջանը կը համարուի:
«Մենք կը շարժինք այդ ուղղութեամբ: Երբեք հակամէտ չենք ռազմական գործողութիւններու ու աշխատած ենք խուսափիլ անկէ, քանի որ գիտենք, որ Իտլիպի մէջ որեւէ ռազմական գործողութիւն կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Մեր միւս մօտեցումները ձախողեցան, իսկ «Ժապհաթ ալ Նուսրա»-ն տարածքը կը վերահսկէ աւելի, քան երբեւէ»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարը զուիցերական «Basler Zeutung» թերթին տուած հարցազրոյցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին