Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ Մէջ Անհետանալու Վտանգը Դիմագրաւող Լեզու Է. ԵՈՒՆԵՍՔՕ

ՄԱԿ-ի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին դասակարգումով՝ արեւմտահայերէնը համարուած է Թուրքիոյ տարածքին անհետացման վտանգին տակ գտնուող լեզուներէն մէկը: Ատլասին խմբագիրը՝ Քրիս Մոլզի, պատասխանելով «Պի.Պի. Սի.»-ի թրքերէն ծառայութեան հարցումներուն՝ ըսաւ, որ Թուրքիոյ տարածքին կան 18 անհետացած կամ անհետացող  լեզուներ:

2000-էն ի վեր, 21 Փետրուարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախաձեռնութեամբ կը նշուի՝ իբրեւ «Մայրենի լեզուի օր»: Այս տարի օրուան նշանակութիւնը աւելի կարեւոր դարձաւ, որովհետեւ ՄԱԿը 2019-ը յայտարարած է «Մայրենի լեզուներու տարի»: Աշխարհի տարածքին կ՛օգտագործուին առնուազն 7000 լեզուներ: Լեզուական առումով, ամենաբազմազան երկիրը Փափուա Նիւ Կինին է, որուն մօտաւորապէս 8 միլիոն  բնակչութիւնը կ՛օգտագործէ առաւել քան 800 լեզուներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին