Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Վրաստանի Խորհրդարանը Հրաժարեցաւ Յանցաւոր Յայտարարել Սահաքաշվիլիի Ռեժիմը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի խորհրդարանը լիագումար նիստին չէ պաշտպանած 2004-էն մինչեւ 2012 թուականը երկիրը ղեկավարած նախկին նախագահ Միխէիլ Սահաքաշվիլիի ռեժիմը յանցաւոր յայտարարելու բանաձեւի նախագիծը, որ պատրաստած էին ընդդիմադիրները: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է օրէնսդիր մարմինի յայտարարութեան մէջ:

Բանաձեւի նախագիծը պատրաստած էր «Հայրենասէրներու դաշինք» ընդդիմադիր կուսակցութիւնը: Բացատրական գրութեան մէջ կը նշուի, որ բանաձեւի նպատակը «Միասնական ազգային շարժում»-ի կառավարման տարիներուն Վրաստան հաստատուած ռեժիմը «յանցաւոր ու անձնիշխանական» ճանչնալն է, ինչպէս նաեւ արդարութեան վերականգնումը, յանցագործութիւններու հետաքննումը եւ մեղաւորները պատժելը: Նախագիծին համաձայն՝ դատախազութեան կը յանձնարարուէր վեց ամսուան ընթացքին աւարտին հասցնել նախկին իշխանութեան ղեկավարներուն դէմ յարուցուած բոլոր քրէական գործերը:

Փետրուար 21-ին տեղի ունեցած քուէարկութեան բանաձեւը պաշտպանած է 45 խորհրդարանական, դէմ քուէարկած են 16-ը: Խորհրդարանը ընդամէնը ունի 150 պատգամաւոր:

«Մենք, ընդհանուր առմամբ, կը պաշտպանենք բանաձեւի բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ այն կարծիքը, որ 2004-2012 թուականներու ռեժիմը յանցաւոր էր: Սակայն մենք դիտողութիւններ ունինք բանաձեււի իրաւական մասին վերաբերեալ: Եթէ այդ մասը վերանայուի, ապա մենք պատրաստ ենք վերստին քննարկելու նման բանաձեւի ընդունումը»,- յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն, որուն խօսքը մէջբերուած է օրէնսդիր մարմինի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին