Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պաշտպանութեան Բանակը Որեւէ Անօդաչու Թռչող Սարքի Կորուստ Չէ Ունեցած. Արցախի ՊՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը Աղտամի տարածքին հայկական անօդաչու թռչող սարքի խոցման մասին լուրերը կը համարէ ապատեղեկատւութիւն:

«Փետրուար 21-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Աղտամի հատուածին մէջ խոցուած է հայկական անօդաչու թռչող սարք, իրականութեան չի համապատասխաներ:

«Պաշտպանութեան բանակը որեւէ անօդաչու թռչող սարքի կորուստ չէ ունեցած: Իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հրապարակած լուսանկարները անյայտ հին նկարներ են:

«Յատկանշական է նաեւ, որ Պաքուի տարածած ապատեղեկատուութիւնը, չես գիտեր ինչու, «պատահականօրէն» համընկաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ տարածաշրջան կատարած այցի հետ:

«Եւ վերջաւորութեան յիշեցում մը. Արցախի զինուած ուժերը, ինչպէս միշտ, ունին բոլոր հնարաւորութիւնները անվտանգ եւ արդիւնաւէտ կիրառելու իր տրամադրութեան տակ եղած անօդաչու թռչող սարքերու իւրաքանչիւր տեսակը: Կը հաւաստիացնենք, որ ինչպէս առայսօր ատոնք օգտագործած ենք, այնպէս ալ հարկ եղած պարագային բաւական նպատակասլաց կերպով պիտի կիրառենք նաեւ այսուհետեւ», ըսուած է ՊՆ տարածած յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին