«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի Օդատիեզերական գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան միաւորումին (CASIC) կից Փեքինի ռատիօչափումներու հիմնարկութիւնը կը զբաղի նոր ռազմական արհեստագիտութեան մշակումով, որ կը գործէ մանրալիքային ռատիօտեղորոշիչ կայաններու սկզբունքով: Ինչպէս Փետրուար 22-ին յայտնած է «Global Times» թերթը, իշխանութիւնը կը ծրագրէ այդ մշակումը կիրարկել ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ պետական սահմաններու պահպանութեան համար: Սոյն մշակումը, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, պէտք չէ դիտել որպէս զանգուածային ոչնչացման զէնք:
Պաշտօնապէս նախագիծը կը կոչուի «Աշխոյժ զսպումի մանրալիքային համակարգ»: Կայանքը կը վնասազերծէ «թիրախը»՝ կաթուածահարելով ենթամաշկային նեարդերը եւ ցաւ պատճառող զգացողութիւններ յառաջացնելով թշնամիին: Անով իսկ ահաբեկիչները կամ այլ չարագործներ կը զրկուին աշխոյժ գործողութիւններու ձեռնարկելու հնարաւորութենէն: Տեղական զանգուածային լրատուամիջոցները համացանցի վրայ հրապարակած են նոր զէնքի լուսանկարները, որուն արտաքին տեսքը շատ քիչ կը տարբերի գիտարուեստական սպասարկութեան քաղաքային ծառայութեան փոքր հանրակառքէն: Մշակողներու խօսքով՝ իրենք յաջողած են ստեղծել սարքաւորանքի երկու տարատեսակ. մէկը կրնայ շարքէն հանել առանձին անձինք, միւսը՝ ամբողջ խումբեր, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: