Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Մարդիկ Կու Գան Պատկերասրահ. Մենք Կը Յաջողինք Մեր Սկսած Գործին Մէջ. Արմի Յարութիւնեան (լուսանկար, տեսերիզ)

«Զարթօնք» Հայրենքի Մէջ – 26 –

Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից 

Երէկ՝ Փետրուար 22-ին, Երեւանի Թումանեան 11 հասցէին վրայ իր հիւրընկալ դռները բացաւ իր տեսակին մէջ եզակի ARMI ARTS Gallery and Wine սրճարան-պատկերասրահը:

Այս ներդրումնախաձեռնութիւնը, բացի արուեստին ծառայելէ, կը ստեղծէ նաեւ նոր աշխատատեղեր եւ կը խթանէ ներդրումային դաշտի կայացումին:

Պատկերասրահի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ բաժնետէրերէն մէկուն՝ նկարչուհի Արմի Յարութիւնեանի կտաւներու անհատական ցուցահանդէսով, որուն առթիւ զրուցած ենք նկարչուհիին հետ:

-Արմի, շնորհակալ եմ հարցազրոյցին համար: Նախ կը ցանկայի խօսիլ պատկերասրահին մասին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երէկ: Ինչպէ՞ս որոշեցիք իր տեսակի մէջ այս եզակի վայրը ստեղծել եւ ի՞նչ է անոր նպատակը:

Խնդրեմ, ե՛ս շնորհակալ եմ: Նախ խօսիմ, թէ ուրկէ՛ սկսաւ արուեստանոց ու պատկերասրահ բանալու միտքը: Ես եւ լիբանանահայ իմ լաւ ընկերս՝ Սեւակ Յակոբեանը, որոշեցինք Հայաստանի մէջ, ինչու ոչ, բանալ ցուցասրահ մը, որ ըլլայ առանց սահմանի, առաց կանոնի, ամէն ոք կարողանայ իր տեսակը պահելով ներկայացնել աշխատանքները: Որոշեցինք ցուցասրահի բացումը կատարել իմ անհատական ցուցահանդէսով, որմէ մէկ ամիս ետք կ’ունենանք ուրիշ ստեղծագործողներու ցուցադրութիւններ ալ: Մենք պիտի աջակցինք ստեղծագործողներուն: Անոնք մեր սրահներուն մէջ հնարաւորութիւն կ’ունենան ցուցադրելու իրենց աշխատանքները: Այստեղ նաեւ կ’ունենանք դպրոց, արուեստի կեդրոն, որ երեխաներուն եւ մեծերուն կ’օգնէ սորվելու, ըլլալու արուեստի ջերմիկ մթնոլորտին մէջ, ապա բարձրանալու սրահները եւ տեսնելու, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ իրենց աշխատանքի արդիւնքը:

-Դուք նշեցիք, որ պատկերասրահի բացումը կատարեցիք ձեր անհատական ցուցահանդէսով: Կրնա՞ք մանրամասնել:

-Ցուցահանդէսին խորագիրն է «Կնոջ բոյրը», քանի որ իմ բոլոր նկարներս կանանց մասին են, կը պատկանին կանանց: Թեման ինծի համար չի փոխուիր, որովհետեւ զիս կը շարունակեն հետաքրքրել կանանց հոգեվիճակն ու զգացումները: Ոեւէ կին ունի իր բոյրը: Նկարներուն նայելով, կը կարծեմ, իւրաքանչիւրը իր բոյրը կը գտնէ:

-Ձեր աշխատանքներուն որոշ չափով ծանօթ ըլլալով՝ կրնամ ըսել, որ այս ժանրով ստեղծագործողները Հայաստանի մէջ քիչ են, շատ քիչերն են, որ մերկ կանայք կը նկարեն: Նայելով Ձեր աշխատանքներուն՝ մարդիկ ի՞նչ կը զգան, ի՞նչ արձագանգ կ’ունենան:

-Կար շրջան մը, երբ կը մտածէի, թէ վատ կ’անդրադառնան, բայց երբ մարդիկ հասկցան, որ այս նկարները իրապէս խօսուն են, ամէն մէկը իր անձը գտաւ այդտեղ: Ինչո՞ւ մերկ ու աչքերը գոց: Իմ նկարներուս մէջ գրեթէ բոլորը աչքեր չունին: Իրենց աչքերը ես կը գոցեմ, քանի որ նոյնինքն իրենց աչքերէն կը գիտնաս, թէ ովքե՛ր են: Աչքերը ինծի համար հոգիի դեր կը խաղան: Ինծի անհրաժեշտ եղած է, որ ամէն մէկը իր անձը գտնէ այս նկարներուն մէջ: Շատ կարեւոր կէտը մը. ես մէկ-մէկ հեռուէն կը նայիմ այն մարդոց, որ նկարներուն կը նային: Իրենց հակազդեցութիւններն ու զգացումները ինծի համար նոր նկարի ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանան:

– Եւ վերջապէս Ձեր աշխատանքերը ինչքանո՞վ կ’օգնեն պատկերասրահի գործունէութեան կամ անոր յաջողութեան բանալին ի՞նչը պիտի ըլլայ: Կրնա՞ք այնպէս մը ընել, որ քաղաքի կեդրոնը շրջող մարդիկ ցանկութիւն յայտնեն  պատկերասրահ մտնելու եւ դիտելու աշխատանքները:

-Գիտէք, ես մարդոց հոգեբանութիւնը ուսումնասիրելով հասկցած էի, որ արուեստի հետ կապ չունեցողները, յատկապէս տղամարդիկ, որեւէ ցուցասրահ չեն մտներ: Բայց միաժամանակ հասկցայ, որ ես յաջողած եմ մօտ 70 տոկոսով զիրենք դէպի արուեստ բերել, ու հիմա այս պահուն, երբ կայ մշտական ցուցադրութեան վայր, ուր մարդիկ կրնան նստիլ մէկ գաւաթ գինիի շուրջ եւ նկարները դիտել, ես համոզուած եմ, որ այո՛, անոնք կու գան պատկերասրահ: Եւ մենք պէտք է յաջողցնենք այն ինչ սկսած ենք:

-Մենք ալ յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին