«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիա միջազգային տարողութեամբ ռազմափորձեր կը կատարէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ` Կարսի շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
«Ձմեռ-2019» անունով ռազմափորձերուն կը մասնակցին 15 երկիրներ: Նաեւ կը հաղորդուի, որ ռազմափորձերուն ընթացքին Թուրքիա կ՛օգտագործէ տեղական արտադրութեան սպառազինութիւն:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան տեսակապի միջոցով հետեւած է ռազմափորձերու ընթացքին: