Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Մեկնարկեցին Յովհ. Թումանեանի 150-ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Ձեռնարկները

Փետրուար 19-ին Թիֆլիսի Յովհաննէս Թումանեանի նախկին բնակարանին մէջ` ներկայիս Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ, հանդիսաւորապէս մեկնարկեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծի փառապանծ 150-ամեայ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, հիւրասէր այս տունը կրկին մարդաշատ էր, հիւրընկալուած էին ամիսներ առաջ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի նախագահութեամբ ստեղծուած տարածաշրջանային յոբելենական յանձնախումբի անդամները, Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը, դեսպանութեան դիւանագէտները:  Թիֆլիսէն ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Երեւանի եւ բանաստեղծի ծննդավայր Դսեղի հետ, ուր նոյնպէս կ՛ընթանային տօնական ձեռնարկներ:

Թումանեանի տան աւանդոյթին համաձայն, հիւրերը հաւաքուեցան թէյի սեղանի շուրջ, որմէ յետոյ ներկայ գտնուեցան Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Ճիճինաձէի կողմէ «Յովհ. Թումանեանի տուն» կեդրոնին նուիրած Ամենայն հայոց բանաստեղծի պրոնզաձոյլ արձանի բացումին:

Բանաստեղծի ծննդեան օրը, նախկին տարիներու նման, վիրահայ համայնքի անդամները, գրողներ եւ հասարակական գործիչներ, դպրոցականներ այցելեցին Թիֆլիսի հայ գրողներու ու հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ուր անոնց միացան Հայաստանէն ժամանած ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեան, խորհրդական Արուսեակ Տէրչանեան, Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան պետ Տարօն Շագոյեան, «Ջահ» բարեգործական միութեան նախագահ  Սօս Սահակեան եւ ուրիշներ:

Վիրահայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի  նախագահութեամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ,  ծաղիկներ դրուեցան հայոց մեծերու տապանաքարերուն: Այնուհետեւ երջանկայիշատակ բանաստեղծուհի Անահիտ Բոստանջեանի սկիզբ դրած աւանդոյթի համաձայն, անոր դուստրերուն կողմէ իրականացուեցաւ գիրք նուիրելու արարողութիւնը:

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան նուիրուած ձեռնարկը շարունակուեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Դահլիճին մէջ  «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ  ցուցադրուեցան թիֆլիսահայ ճանչցուած նկարիչ Թենգիզ Միկոյեանցի «Թումանեանի հետքերով»  կտաւները:

Ապա սկսաւ յոբելենական գրական գեղարուեստական ձեռնարկ, որ կը վարէին «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոնի ղեկավար Գիսէ Յովսէփեան եւ Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն Սուրէն Աբրամեան: Հայ-վրացական բարեկամութեան մեծ ջատագով Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը ներկայացուց Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան: Իսկ վրաստանի նախագահի վարչութեան աշխատակից Կոնստանտինէ Նացվլիշուիլին փոխանցեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրաբիշուիլիի շնորհաւորանքը:

Թումանեան համաժողովրդական բանաստեղծի, բազմաժանր գրողի, աշխոյժ հասարակական գործիչի եւ մարդ-քաղաքացիի մեծութիւնը կարեւորեցին եւ շնորհաւորանքի խօսք ըսին Վրաստանի գրողներու միութեան համանախագահ Մաղուալա Գոնաշուիլին, «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան նախագահ Սերգօ Երիցեան, թումանեանագէտ Սուսաննա Յովհաննիսեան: Ձեռնարկին ներկայ էր Թումանեանի ծոռնուհին` Ելենա Կոլեսնիկովան, իսկ միւս ծոռնուհին` Իրմա Սաֆրազբեկեանը, Գերմանիայէն յղած էր իր շնորհաւորանքի եւ երախտիքի ուղերձը:

Մենակատարներ  Սուետլանա Տատոեւայի, Աննա Բադալեանի, Այտա Բազոյեանի, Իւանէ Մկրտչեանի, Սբ. Գէորգ առաջնորդանիստ  եկեղեցւոյ Մակար Եկմալեան երգչախումբի  կատարմամբ դահլիճին մէջ տարածուեցան Թումանեանի անմահ ստեղծագործութիւններու մեղեդիները, հայերէն եւ վրացերէն ասմունքեցին Մհեր Մելիքեանը, Նանօ Պօղոսովան, Գարի Ղալամքարովը:

Յաւարտ ձեռնարկին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ թեմակալ առաջնորդը: Վազգէն Սրբազանը շնորհաւորելով ներկաները` գնահատանքի խօսքեր ուղղեց կազմակերպիչներուն` ի դէմս յոբելենական յանձնախումբին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» կեդրոնի, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայպետդրամայի թատրոնի, Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի եւ «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան: Անդրադարձ կատարելով յոբելենական ձեռնարկներուն ունեցած աւանդի համար յուշամետալներուն` Տէր Վազգէն եպիսկոպոսը առաջին յուշամետալները փոխանցեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Յովհաննէս Թումանեանի տօնակատարութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Ճիճինաձէին եւ IDeA հիմնադրամի նախագահ Ռուբէն Վարդանեանի ներկայացուցիչին:

Հայոց մեծ բանաստեղծի ծննդեան օրը Թիֆլիսի մէջ  դարձաւ յիրաւի տօնական եւ թումանեանական շունչով յագեցած: Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկները վիրահայ համայնքին պիտի շարունակուին ողջ տարուան ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին