«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեք հոգի վիրաւորուած է Էքուատորի մէջ տեղի ունեցած երկու երկրաշարժի հետեւանքով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ին, այս մասին կը յայտնէ Էքուատորի վտանգներու վերահսկողութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու ազգային ծառայութիւնը:
Ծառայութեան տուեալներով՝ երկու հոգի տուժած է Մորոնա-Սանթիակօ արուարձանը, մէկն ալ ՝ Քուենքա արուարձանը:
7.7 աստիճանով հզօրութեամբ երկրաշարժը տեղի ունեցած է ուրբաթ՝ երկրի արեւելեան հատուածին մէջ:
Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 152 քմ խորութեան վրայ, որուն մասին յայտնած են ԱՄՆ-ի երկրաբանական ծառայութենէն: Մէկ այլ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Էքուատորի արեւմուտքը: Արտակեդրոնը գտնուած է Էքուատորի Տուրան քաղաքէն 15 քմ հարաւ-արեւելք, իսկ օճախը՝ 82 քմ խորութեան վրայ: