Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Միացեալ Նահանգներու 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս վերջին երկու տասնամեակին կատարուած քաղաքական եղելութիւններու եւ իրադարձութիւններու մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները ընդհանրապէս եղած են ժամանակավրէպ, սխալ, անիմաստ կամ պարզապէս՝ շաղակրատութիւն: Բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ:

Նշուած ժամանակաշրջանին եղած քաղաքական իրադարձութիւններու անորոշ տուեալներու հետեւանքով, այժմ մամուլի իրարանցումը կ՚արդարացուի լրագրողներու խուճապի մատնուած վիճակով, որոնք օրն ի բուն, ձայնագրեր, տեսաերիզներ, տետրեր եւ հեռախօսներ բռնած ման կու գան կամ կը հալածեն այս կամ այն քաղաքական գործիչը, կարենալ կորզելու պատահարի, խօսքի, յայտարարութեան լուր մը, պատմութիւն մը, առանց մտածելու կամ տրամաբանութեան, զայն հրատարակելու մոլուցքով տարուած:

Քաղաքագէտները, դիւանագէտները եւ գործիչները այսօր,  կատարելագործած են իրենց աշխատանքի ուղիներն ու ոճը, մէկ խօսքով՝ «մատի փաթթոց» ընելով լրատուական աշխարհի մեծ մասը, գիտակից թէ՝ անգէտ:

Այժմ՝լրատուական աշխարհի այս իրարանցումին մէջ, կը փնտռենք իրականութիւն մը, պատահար մը, կամ իրադարձութիւն մը, որ շատ հաւանաբար ժողովուրդէն 

կը թաքցուի այս խառնիճաղանճին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի մտքին մէջ տակաւին թարմ է 2016-ի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ պատահած անակնկալ պարտութիւնը, Վերմոնթ նահանգի տեմոքրաթ ծերակուտական թեկնածու Պըրնի Սանտըրզի, նոյն ինքն՝ Տեմոքրաթ կուսակցութեան ջանքերուն եւ անոր թեկնածութեան հրաժարութեան պնդումներուն հետեւանքով: Տիկ. Հիլըրի Քլինթըն, ըստ տուեալ քուէարկուներու սանդղակին, վստահօրէն կորսնցուցած պիտի ըլլար իր առաջատար դիրքը Տեմոքրաթ կուսակցութեան մէջ, Պըրնի Սանտըրզի դիմաց, որ արդէն 2 միլիոն քուէով առաջ էր Քլինթընէն, միայն Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, զինք դէմ յանդիման թողնելով Տանըլտ Թրամփին եւ շատ հաւանականօրէն՝ գրաւելով նախագահական աթոռը:

Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր, մանաւանդ՝ հոծ բնակութիւն ունեցող քաղաքներն ու նահանգները, կը շեղին դէպի ընկերվարական վարչակարգ, տեսնելով շարք մը դաշնակից այլ երկիրներու առաւելութիւնները, իրենց ժողովուրդներուն վերաբերեալ իրաւունքներով կամ կենցաղային ապրելակերպերով:

Միացեալ Նահանգները, ունենալով դրամատիրական վարչակարգ, կը գործադրէ նաեւ ընկերային զանազան օրակարգեր, ժողովուրդի զանազան խաւերու օգնութեան համար: Սակայն տակաւին գոյութիւն ունին կարգ մը այլ դրամատիրական կարգեր, որոնք կը ճնշեն ժողովուրդին մեծամասնութեան վրայ, զանոնք ընդվզեցնելով եւ մղելով դէպի Պըրնի Սանտըրզի նման թեկնածուներու փարախը, ուր փայլուն խոստումներ շռայլօրէն կը բաշխուին աջ ու ձախ:

Տեմոքրաթ կուսակցութիւնը, հակառակ անոր որ ժողովրդային կուսակցութիւն մըն է, սակայն ան եւս ունի իր վերապահութիւնները ընկերվարական վարչակարգին հանդէպ, եւ ճիշդ այդ պատճառով է որ ան կը սարսափի Պըրնի Սանտըրզի թեկնածութենէն, որովհետեւ համայն ամերիկեան վարչակարգը, հանրապետական թէ տեմոքրաթ, պիտի կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնները երկրի տարածքին, եթէ պատահի ու Սանտըրզը ընտրուի նախագահ:

Ահաւասիկ այս պայքարն է որ թաքուն կ՚ընթանայ քուլիսային աշխատանքներով, ձախողեցնելու համար Սանտըրզի թեկնածութիւնը:

Երկրին ժողովուրդի անգործ աշխատաւորներու  սանդղակները այսօր զգալիօրէն նուազած են վերջին 2 տասնամեակներուն բաղդատմամբ, նորանոր աշխատատեղիներ ստեղծուած եւ երկրէն հեռացած գործարքներ վերադարձած են ժողովուրդը աշխատանքով զբաղ պահելու եւ անոր ապրուստը ապահովելու նպատակով: Սակայն, տակաւին կայ ամենակարեւորը, որուն գոհացումով կը թերանայ իշխանութիւնը իր կիրարկած վարչակարգի պայմաններու թելադրանքով: Այդ ամենակարեւորը, ժողովուրդի ապրուստին սղաճն է այսօր, որ կը պարտաւորեցնէ ընտանիքի բոլոր անդամներու աշխատանքի մղումը ապրուստի ապահովման ի խնդիր: Այսօր ժողովուրդին պարտքին գումարը, դրամատուներու եւ այլ զանազան հաստատութիւններու, կը գերազանցէ 5 թրիլիոն տոլարը, որուն բեռան ներքեւ, շատեր կը մղուին անօրինութիւններու կիրարկման, որ ընդհանրապէս անդրադարձ կ՚ունենայ մնացեալ հասարակաց դասակարգին վրայ:

Ուրեմն՝ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, ինչպիսի՞ անակնկալներ կրնան պատահիլ: Եթէ ներկայ վարչակարգը կարենայ գոհացնել, գոնէ մասամբ, ժողովրդային զանգուածները նորանոր եւ ժողովրդային ընկերային պահանջքներով, հաւանաբար շարունակուի նոյն վարչակարգը, ապա թէ ոչ, Պըրնի Սանտըրզ կրնայ գրաւել հրապարակը, որովհետեւ՝ տեմոքրաթները չունին այն թեկնածուն, որ պիտի կարենայ յաղթահարել Սանտըրզը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին