Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայ-ամերիկեան թանգարանի Թելեթոնին հանգանակուեցաւ եւ խոստացուեցաւ 8 միլիոն 138 հազար 986 տոլար

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աննախընթաց թելեթոնը իրականացուց կանխատեսումները եւ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Կիրակի, Փետրուար 17-ին ժամը 4։00-10։00 երկարող հեռատեսիլային դրամահաւաքին մասնակցեցան Լոս Անճելըսի հայկական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, շռնդալից 8,138,986 տոլարի խոստումով։

ARTN-ի Կլենտէյլի կեդրոնատեղին այդ օր մարդաշատ էր։ Սթիւտիոյէն ներս թէ  նախասրահներուն մէջ եռուզեռ էր։ Կազմակերպիչ տասը կառոյցներուն կողքին, անընդհատ հոն կը փութային մեր հայրենակիցները, որոնք նախապէս առնուած ժամադրութիւններով իրենց լուման բերին Կլենտէյլի մէջ խոյանալիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի կառուցումին։

Այստեղ, մեր պարտքը կը համարենք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելու Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդին, որ տրամադրեց շուրջ մէկ էյքըր տարածութեամբ թանկարժէք հողակտորը «Ամերիքանա»յին շատ մօտիկ կեդրոնական դիրքով։ Շնորհակալութիւն տասը կազմակերպութիւններուն եւ անոնց կամաւորներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ Պրն. Պերճ Կարապետեանին, Թելեթոնի պատրաստութեան պատասխանատու Պրն. Շանթ Սահակեանին, աշխատանքները համակարգող Անաշէ Սարգիսեանին, Թելեթոնը վարող հաղորդավարներուն եւ բոլոր-բոլոր ազգային, հոգեւոր, երիտասարդական, մարզական, մշակութային ու քաղաքական միաւորներուն։

Միասնականութեան յաղթանակի նոր դրսեւորում մըն էր Կիրակի օրուան դրամահաւաքը, որուն ելեւմուտքը պէտք է ներկայացուի ամենայն մանրամասնութեամբ, որպէսզի իր բարձր վարկով վարակէ համայն ամերիկահայութիւնը, նպաստելու համար իր տեսակին մէջ եզակի այս կառոյցին։

Մեր պարտքն է յաջորդ սերունդին եւ մարդկութեան կտակել մեր անցեալի հարուստ ժառանգութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը, որպէսզի աշխարհ անգամ մը եւս չտեսնէ 1915, չապրի այն ինչ ապրեցան մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը, մեր ծնողները։

Ապրի՛ք, հազար ապրիք։ Թող Կիրակի օրուան թելեթոնը լոկ մեկնարկ մը հանդիսանայ, շարունակելու համար այս Գործը, որ բոլորի՛ս պարտականութիւնն է։ Սատարե՛նք Հայ-ամերիկեան թանգարանին եւ պահանջե՛նք, որ ան ըլլայ թափանցիկ դղեակ մը, օգտակար հանդիսանալու հայկականութեան պահպանման եւ համայն մարդկութեան։

ՆՈՐ ՕՐ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին