Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արժանթինի Մար Տել Փլաթա Քաղաքի Հայկական Համայնքը Նշած Է Հիմնադրման 31-ամեակը

Փետրուար 16-ին Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Էսթերա Մկրտումեան Մար տել Փլաթայի մայր տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Մար տել Փլաթայի հայկական համայնքի 31-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին եւ Վարդանանց տօնին առթիւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գ.Տ. Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեանի կողմէ մատուցուած պատարագին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկներուն ներկայ էին տեղի հայ համայնքի ղեկավար Աւետիս Սահակեան, Արժանթինի հայ կեդրոնէն ներկայացուցիչներ, տեղական օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու պաշտօնեաներ եւ այլ հիւրեր:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Մկրտումեան նշեց, որ շատ հպարտ է, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան այս յիշարժան օրը ներկայ կը գտնուի Մար տել Փլաթա քաղաքի հայ համայնքի կողքին` որպէս Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան եւ որպէս հայրենակից, քանի որ այս օրը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պատմութեան վճռորոշ պահերէն մէկը, երբ Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդած փոքրաթիւ զօրքը նահատակուեցաւ յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի` փրկելով եւ սերունդներուն փոխանցելով հայկական ինքնութիւնն ու քրիստոնեայ հաւատքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին