ՊՐԱՅԸՆ ՊԵՆԷԹ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող երկու տարիներու գործունէութեանց, State of the Union-ի մասին նախագահ Տ. Թրամփի արտասանած ճառը, Փետրուար 5-ին, լայն գիծերու մէջ կ՚ընդգրկէր Մ. Նահանգներու իրականացումները բոլոր մարզերէն ներս, միաժամանակ պարզելով յաջորդող ժամանակաշրջանի քաղաքականութեան ծրագիրները։
Զգացողական, ցուցադրական, բեմադրական ու խորհրդանշական երեւոյթներէն անդին, Ներկայացուցիչներու Տան հակակշիռը տեմոքրաթներու ձեռքը անցած ըլլալով, Հանրապետական կուսակցութեան ու նախագահին կարեւոր գործունէութիւնները փոփոխութեան պիտի ենթարկուէին, սկսելով սահմանային պատին յատկացուելիք պիւտճէէն։ 35 օրերու փակումը կառավարութեան տկարացուցած են Պրն. Նախագահին տիրապետական գործելակերպը, նոյնիսկ խումբ մը հանրապետականներ դէմ ըլլալով նման պայմանաւոր քաղաքականութեան։ Պրն. Նախագահին կողմէ կրկին կառավարութիւնը փակելու սպառնալիքը, եթէ մինչեւ Փետրուար 15, երկրին սահմանային պատի լրացուցիչ կառուցման եւ ամրացման 5 պիլիըն տոլար չյատկացուի։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ ալ, օրինակ, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ Մենճիպ քաղաքէն քաշուելու որոշումէն ալ դժգոհ են։
Համաձայն նախագահին նախկին դահլիճի ռազմավարական խորհրդատու Սթիվ Պենընի, Պրն. Թրամփ շարունակելու է սահմանային պատին ամրացումը, առանց մտահոգուելու նաեւ Սուրիայէն եւ Աֆղանիստանէն քաշուելու իր յայտարարութենէն։ Սակայն, քաղաքական նման կեցուածքներու գործողութիւնը կը պահանջէ համապատասխան կարողութիւն, ինչ որ կը պակսի անոր մօտ։
Պրն. Նախագահին ճառը հաշտուողական կոչեր կը պարունակէր։ Նախկին նախագահներ, երբ կորսնցուցած են Ծերակոյտին կամ Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութիւնը, իրենց երկու տարուան իշխանութենէն ետք, գործակցած են ընդդիմութեան հետ, ինչպէս ըրաւ, օրինակ, Պիլ Քլինթըն, գործակցելով Newt Gingrich-ի հետ, հաւասարակշռեալ պետական պիւտճէ մը որդեգրելով, ու բարեկարգումներ կատարելով։
Պրն. Նախագահը «սպառնական» (bully) լեզու կը գործածէ իր կողմնակիցները գրգռելու համար, քան թէ՝ սկեպտիկները համոզելու։ Ասիկա վերջին աոիթը կ՚ընծայէ իրեն յարմարելու։ Իր ժողովրդականութիւնը 7 առ հարիւր կորսնցուցած է անցեալ Դեկտեմբերէն իվեր, 39 առ հարիւրի իջնելով, 18 կէտ կորսնցնելով արուարձանաբնակներու մօտ, իսկ 13 կէտ՝ աւետարանականներու մօտ։ Քոնկրէսին մէջ, ամերիկացիներու վստահութիւնը տեմոքրաթներուն հանդէպ 50 առ հարիւր է, մինչ հանրապետականներունը՝ 41 առ հարիւր։
Անցեալ Յունուար 29-ին, հանրապետականները ճաշկերոյթի մը ընթացքին, իրարու յայտնած են, թէ այլեւս թոյլատրելի պիտի չըլլար, որ Պրն. Նախագահը, օգտագործելով նախագահական իրաւասութիւնը, ազգային տագնապ (national emergency) յայտարարէ սահմանին կապակցութեամբ։ Նման նախընթացով ո՞վ պիտի արգիլէր որ յաջորդ տեմոքրաթ նախագահը, օգտագործելով նոյն իրաւասութիւնը 2021-ին ծախսալից պարտաւորութիւններ դնէր դրամատուներու վրայ։
Թիւ 2 հանրապետականը՝ John Thune, կոչ ուղղեց նախագահին օգնականներուն, թէ 57 քուէ ապահովուած էր կեցնելու համար նախագահին կողմէ յայտարարուելիք ահազանգը։ Միչ ՄըքՔանըլ, նաեւ, նման պատգամ մը ուղարկած է նախագահին։
Հետզհետէ կ՚աւելնան դժուարութիւնները հանրապետականներուն ու նախագահին միջեւ։ Այսպէս 7 հանրապետական ծերակուտականներ, 2018 Դեկտեմբերին, միանալով տեմոքրաթներու, կոչ ուղղած են, որպէսզի Ամերիկա կեցնէ իր օժանդակութիւնները Սէուտական Արաբիոյ, Եմէնի դէմ անոր պատերազմին կապակցութեամբ։ Միաժամանակ, Ներկայացուցիչներու Տունը միաձայնութեամբ կշտամբած է Սէուտական Արաբիոյ իշխան Մուհամմէտ Պըն Սալմանը, լրագրող Ճամալ Քաշոկիի սպանութեամբ։
Յունուար 29-ին, ՄըքՔանըլ բարեփոխում առաջարկեց նախագահ Թրամփի որոշումին՝ ամերիկեան զինուորներու հեռացումին կապակցութեամբ, Սուրիայէն եւ Աֆղանիստանէն։ Առաջարկութիւնը վաւերացուեցաւ, 4 հանրապետականներ միայն դէմ քուէարկեցին։
Միւս կողմէ, մինչեւ Փետրուար 15, կարելի է, սահմանային ապահովութեան կապակցութեամբ համաձայնութեան մը յանգիլ, առանց քուէարկութեան ի նպաստ 2000 մղոն երկարութեամբ շօշափելի պատի մը շինութեան, այլ կայացնելով որոշում մը, որ սահմանագիծը աւելի ապահով պիտի դարձնէ։
Պրն. Թրամփ իբրեւ գործարար վերապրած է դժուար ժամանակներ, աշխատցնելով իր բնազդական կարողութիւնները. յանկարծակի յօրինում, պայքար, նսեմացնել հակառակորդը, խեղադիւրել իրականութիւնը՝ յօգուտ իրեն։
Ներկայիս Թրամփ կը դիմագրաւէ քոնկրէսական մէկէ աւելի խուզարկումներ։ Հիւսիսային Քորէայի հետ իր ապարդիւն բանակցութիւնները, Չինաստանի հետ առեւտրական ձախող բանակցութիւնները, ու Թալիպանի հետ բանակցութիւնները, 17 տարի պատերազմելէ ետք՝ Աֆղանիստանէն քաշուելու նպատակադրութեամբ, որ համազօր կը նկատուի պարտութեան, աննպաստ ազդակներ են։ Դժուարութիւնը ա՛յն է, որ նախագահ Թրամփի համար միայն շահողներ ու պարտուողներ կան. տեղ չկայ հասկացողութեան կամ միջին եզրի մը։
Երկամեայ իշխանավարութեան աւարտին, իր ճառին մէջ, կ՚ընդնշմարուէր Թրամփի տատանումը։ Նախագահութիւնը որդեգրելու էր այնպիսի քաղաքանութիւն մը, որ կարենար դիմագրաւել երկփեղկուած քոնկրէս մը։
Կարծր իրականութիւնը սակայն ա՛յն է, որ Քոնկրէսը պիտի շարունակէ իր դժնդակ խուզարկումները, նոյնիսկ մինչեւ ամբաստանութեան (impeachment) յանգելով։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Time» շաբաթաթերթ, 18-25 Փետրուար 2018






