Փարիզ, Ֆրանսա
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 9 Փետրուար 2019-ին, աշխարհի տարբեր կողմերէն Փարիզի Լէ Ժարտէն տը Սէն Տօմինիք սրահին մէջ հաւաքուած ՀԲԸ Միութեան բազմահարիւր պատգամաւորներ մասնակցեցան երկամեայ Ընդհանուր ժողովին, որ համախմբած էր միութեան անդամները, քննարկելու համար հայաշխարհը հետաքրքրող ժամանակակից խնդիրները եւ գնահատելու համար Միութեան երկամեայ գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը:
Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին, չորս նոր անդամներ միացան միութեան կեդրոնական վարչական ժողովին. Հայկ Արիյեան՝ Նիւ Եորքէն, Նատիա Գործունեան՝ Ֆրանսայէն, Վարդգէս Գնաճեան՝ Պելճիքայէն եւ Արի Լիպարիտեան՝ նոյնպէս Նիւ Եորքէն:
ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու յանձնաժողովը նոյնպէս համալրուեցաւ նոր անդամներով. յայտարարուեցաւ նաեւ անոր ատենապետի պաշտօնին ստանձնումը յայտնի բարերար Տիար Վաչէ Մանուկեանին կողմէ: Ան իրեն գործակից պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Էրիք Իսրայէլեանը, Սէմ Սիմոնեանը, Սինան Սինանեանը եւ ի պաշտօնէ՝ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախկին անդամներ Սարգիս Տեմիրճեան, Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, Ռիչըրտ Մանուկեան, Նազար Նազարեան եւ Գառնիկ Եագուպեան, դարձան Պատուոյ Հոգաբարձուներ:
90-րդ Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, պատգամաւորները մեկնեցան Լէ Ժարտէն տը Սէն Տօմինիք սրահէն համոզուած, որ ՀԲԸՄ-ը իր համայնքներուն հետ զարգացման հոլովոյթ կ՚ապրի, ընդգրկելով նոր յառաջընթաց եւ ինքնութեան լայն սահմանում, միշտ հաւատարիմ դարաւոր աւանդութեամբ իմաստաւորուած Միութեան առաքելութեան, որուն նպատակն է աշխարհատարած հայութեան հզօրացումը:
«Նոր Օր»-ի նախորդ թիւով, անգլերէն բաժնին մէջ, տուած էինք Ընդհանուր ժողովին թղթակցութիւնը, իսկ այս թիւով կը հրատարակենք ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ելոյթը ամբողջութեամբ։
ՆՈՐ ՕՐ
Ինծի համար առանձնաշնորհում կը նկատեմ կրկին անգամ խօսք առնել որպէս նախագահը մեր պատկառելի կազմակերպութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս կարեւոր առիթով ձեր ներկայութեան համար:
Ֆրանսայի հետ հայութեան սերտակցութիւնը դարաւոր պատմութիւն ունի: Իսկ Փարիզը ՀԲԸՄ-ին համար հարազատ է մէկէ աւելի պատճառներով: Բոլորիս ծանօթ է Հիմնադիր Պօղոս Նուպարի աւանդը եւ անոր կապուածութիւնը այս քաղաքին, որ շատ մը առաջնորդող գաղափարներու համար ներշնչման աղբիւր եղած է ատենին: Հոս էր որ ան, իբր հմուտ դիւանագէտ, գլխաւորեց Ազգային Պատուիրակութիւնը: Հոս էր նաեւ, ուր տագնապալի իրադարձութիւններու պարտադրանքով, ան որոշեց փոխադրել Միութեան ղեկավարութիւնը: Ի վերջոյ հոս, այս մեծ քաղաքին մէջ է որ կը հանգչի ան: Այսօր, հոս է որ 90-րդ անգամ ըլլալով մենք կը հանդիպինք իբր միակամ կազմակերպութիւն: Կ’երեւակայեմ, որ ան եւ իր գործակիցները, այսքան տարիներ ետք, հիացումով կը դիտեն շարունակող մեր ազգանուէր ծառայութիւնը:
Այս առթիւ, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի շրջանակի մեր պատասխանատուներուն, որոնք հիւրընկալեցին աշխարհի հեռաւոր շրջաններէ եկող պատգամաւորները, անգամ մը եւս հաստատելով, որ 113 տարիներ ետք, մեր Միութիւնը կենսունակ է եւ այժմէական, աւելի քան երբեք: Կենսունակ եւ այժմէական, բանալի բառեր են, որոնք սկսած ենք հետզհետէ աւելի յաճախ օգտագործել որպէս մեր կազմակերպութեան յաջողութեան ցուցանիշերը: Այս յատկանիշներով կրնանք նաեւ որակել մեր ծառայութեանց բարիքները վայելող շրջանակներու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր նուիրատուներու եւ գործընկերներու որակը եւ մեր շրջանակները խանդավառող եւ գործի մղող ղեկավարներու արդիւնաւորութիւնը:
Որպէս ժողովուրդ եւ որպէս կազմակերպութիւն, մեր դրական ոգին եւ հաստատակամութիւնը մեր կենսունակութեան մղոնները կը հանդիսանան: Մենք որպէս համահաւասար եւ գնահատուած գործակատարներ, ինքնավստահութեամբ կը վերաբերինք մեր շրջապատին: Անցնող մէկ դարու մեր նախաձեռնութիւնները եւ ազգանուէր ծառայութիւնը մեր համայնքներուն, մեր ազգին եւ ընդհանրապէս հանրային լայն շրջանակներուն, մեր այժմէականութեան պերճախօս վկայութիւնը կը կազմեն:
Այլ խօսքով, մեր գործերը կը մարմնաւորեն մեր պարկեշտութիւնն ու մտասեւեռումը, ինչպէս նաեւ մեր գաղափարաբանութեան եւ նպատակներու ճկունութիւնն ու տարածականութիւնը:
Մեզի համար անհրաժեշտ է միշտ այժմէական ըլլալ եւ առաջատար դիրքի վրայ գտնուիլ մեր ազգի շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր: Պէտք է որ շարունակաբար վերանորոգենք մենք զմեզ: Շարունակ պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ մեր գործունէութիւնը որքանով քայլ կը պահէ յաջորդական սերունդներու ակնկալութիւններուն հետ: Որքանով այդ գործընթացը ուղղուած է համաշխարհային խնդիրներու: Մանաւանդ որքանով միասնականութեամբ հնչեղութիւն ստացած մեր ձայնը կ’արդարացնէ «փոքր հանրապետութիւն բայց աշխարհածաւալ ազգ» հասկացողութիւնը:
Այս հարցադրումները պէտք է որ շարունակաբար ուղղուին ոչ միայն արժեւորելու համար ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը, այլեւ գնահատելու համար համընդհանուր հայ իրականութիւնը, տեղական, շրջանային թէ ազգային առումներով:
Մեր նախորդ 2016-ի Ընդհանուր ժողովէն ասդին, աշխարհը շատ արագ փոխուած է, մեզի պարտադրելով դիմակալել չնախատեսուած զարգացումներ, որպէս առաջնորդներ, որոնք ատակ են ստեղծարար եւ նորարար մօտեցումներով խնդիրներ լուծելու:
Հայութիւնը նախաձեռնեց եւ իրականացուց ամենադրական գնահատումներու արժանացած թաւշեայ խաղաղ յեղափոխութիւնը, որուն ականատես եղանք անցեալ գարնան: Այդ յեղափոխութիւնը, նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, համայն աշխարհին ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ հաստատակամութիւնը:
***
Մինչ այդ, շարք մը այլ երկիրներ, ուր մեզմէ շատեր հաստատուած են, կ’անցնին իրենց յատուկ քաղաքական վերիվայրումներէ: Միացեալ Թագաւորութենէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Հարաւային Ամերիկա եւ Միջին Արեւելքի տարբեր շրջաններ, նոր խմորումներ տեղի կ՚ունենան: Անհատական գետնի վրայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը վերարժեւորէ իր քաղաքական կողմնորոշումները: Մենք նոյնքան մտահոգ ենք մեր ապրած երկիրներու խնդիրներով, որքան մեր հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներով:
Այս բոլորը համաշխարհայնացման դրսեւորումներուն մաս մը կազմեն: Ամէն տարի եւ իւրաքանչիւր փոխուող սերունդի հետ, սփիւռքի մէջ մենք աւելի ու աւելի կ’իւրացնենք տեղւոյն մշակոյթները: Հայկական Ինքնութիւնը բնական զարգացումի ընթացք մը կ՚ապրի: Ոմանց պարագային, երրորդ եւ չորրորդ սերունդները որոնք մեծցած են իրենց հայրենիքէն դուրս, աւելի քան ներգրաւուած են տեղական մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն մէջ, հետզհետէ հեռանալով իրենց հայկական ժառանգութենէն:
Նոյն ատեն, սփիւռքի նոր միջավայրեր ի յայտ կու գան Եւրոպայի մէջ, ինչպէս Գերմանիա, Հոլանտա, Սպանիա եւ Ուքրանիա: Վերջերս՝ նոյնիսկ Ասիա եւ Հարաւային Քորէա, ուր Միանմարի եւ Պենկլատէշի մէջ, մեր արմատներու նոր յայտնաբերումներ կը կատարուին: Այս բոլորով, տակաւին Հայերու մէկ հատուածին է միայն որ կ’անդրադառնանք: Անցնող դարաշրջանին, մենք կորսնցուցած ենք շատեր, որոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան իբրեւ Հայ: Անհրաժեշտ է որ մեր ճիգերը կեդրոնացնենք զանոնք յայտնաբերելու եւ իրենց հարազատ ժառանգութեան վերամիացնելու ուղղութեամբ:
Մենք կոչուած ենք գործելու նոր եւ ցարդ չքարտէսագրուած ուղղութիւններով, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ ճկունութիւն, ուշիմութիւն, տեսիլք եւ ամենակարեւորը՝ միասնականութիւն:
Լուծումներ գտնելը դիւրին չէ, սակայն պատասխանը մասամբ յստակ է: Այստեղ, մենք կարող ենք լաւագոյնը մատակարարելու: Անհրաժեշտ է որ մենք կարենանք առիթներ ընձեռել, աճման նպաստող մթնոլորտ ստեղծել, նաեւ միջոցներ ապահովել, ներգրաւելու եւ գործի մղելու համայն հայութիւնը աշխարհի տարածքին, հասնելով նոր սերունդին եւ գոհացնելով անոր հետաքրքրութիւնները:
Այստեղ կ’ուզեմ պահ մը կանգ առնել եւ սահմանել թէ Հայութիւն ըսելով ինչ կը հասկնանք: ՀԲԸՄ-ին համար, Հայեր են բոլոր անոնք, անհատ կամ հաւաքականութիւն, որոնք կը բաժնեն հայ ժողովուրդի արժէքերը, հիմնուած մեր պատմական ժառանգութեան վրայ: Չափորոշիչը արիւնակցութիւնը չէ միայն: Կարելի չէ «կէս-Հայ» ըլլալ: Հայ է ան, որ Հայ կը զգայ եւ հպարտ է ինքզինք անձնաւորելու մեր բոլորին կողմէ գերադաս նկատուող արժէքներով:
Այս իսկ պատճառաբանութեամբ, Մեր Ընդհանուր Ժողովը որդեգրած է Ծրագիր Կանոնագրի բարեփոխում մը, ներառելով ոեւէ անձ, որ կը հաւատայ կազմակերպութեան արժէքներուն, որպէս անդամ ընդունելով զայն միութենէն ներս: Այժմ կարեւոր է որ միջոցներ ձեռք առնենք, հասնելու բոլոր այդ հայերուն:
ՀԲԸՄ-ը գործնապէս փաստած է, թէ որդեգրած է ճիշդ կողմնորոշում, լրատուական ճարտարագիտութեան արագընթաց զարգացումները եւ միջոցները ի գործ դնելով կազմակերպութեան եւ հայ ժողովուրդի օգտին, որուն կը ծառայէ ան:
Օրինակի համար, Հայկական Հեռավար Քոլէճի ծրագիրին միջոցաւ, մենք յաջողած ենք հասնիլ անոնց որոնք հեռու կը գտնուին հայկական համայնքներէ: Այսօր ծրագիրը կ’օգտագործուի 97 տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ Նոր Զելանտա եւ Ճափոն: Մեր «Առցանց զրոյցներ» շարքը լայն տարածում գտած է որդեգրուելով մեծ յարգանք վայելող հիմնարկներու եւ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու կողմէ: Ընկերային ցանցերու արդիւնաւոր օգտագործումը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ մեզի արագօրէն օգնութեան եւ աջակցութեան աշխատանքներ կամ դրամահաւաքներ կազմակերպել անակնկալ աղէտներու պարագային, ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ պատերազմին եւ կամ Արցախի օգնութեան նախաձեռնութիւններու ընթացքին:
Մեր հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ մենք յաջողած ենք շահիլ վստահելի ղեկավարութեան համբաւ, միշտ պատրաստ՝ գործադրելու մեծ ծրագիրներ: Մեր վստահելիութիւնը եւ հարցերու լայնամիտ մօտեցումը կարելի դարձուցած են ռազմավարականօրէն համալրուած գործընկերութիւններ մշակել աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու հետ, ինիչպիսին է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Եւրոմիութիւնը, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման աջակցութեան կազմակերպութիւնը, Սմիթհսոնիըն հիմնարկը եւ վերջերս, Նիւ Եորքի Մէթրոփոլիթըն արուեստի թանգարանը: Մեր մասնաճիւղերը եւ գրասենեակները նոյնպէս կարեւոր քայլեր առած են տեղական Ոչ-Կառավարական կազմակերպութիւններու եւ մշակութային հիմնարկներու հետ գործակցելու ուղղութեամբ, այդպիսով, կամուրջներ ստեղծելով մշակոյթներու միջեւ, նաեւ ընդհանրական քննարկումներու մէջ հայկական կողմին ձայնը լսելի դարձնելով:
***
Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր կրթական գործունէութիւնները շեշտակի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն մեր ժողովուրդին եւ ՀԲԸՄ-ին համար: Տեղական մասնաճիւղերու մեր ղեկավարութիւնները, կենսական պարտականութիւնը ունին դասական թէ նորարար ծրագիրներով ներգրաւելու իրենց համայնքները: Անցնող տարիներուն, անոնք օրինակելի նուիրումով առաջ տարած են իրենց գործունէութիւնը: Կոչ կ’ուղղեմ բոլորին, առաջնորդուելու նորարար գաղափարներով, որպէսզի կարենան խանդավառել իրենց հետեւորդները, ներընդգրկել երիտասարդները, ներշնչել իրենց շրջանակները եւ զանոնք համախմբել ընդհանրական մտահոգութիւններու շուրջ: Անհրաժեշտ է ստեղծել հարթակներ, որոնք կայծ կու տան երկխօսութիւններու, նոր հետեւորդներ կը ներգրաւեն, ճարտարագիտական միջոցներու օգտագործումով ուսուցման նորարար ձեւեր ի գործ կը դնեն, լեզու, պատմութիւն եւ մշակութային ժառանգութիւն փոխանցելու համար, որոնք կը զօրացնեն ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:
Մենք կը շարունակենք զօրակցիլ մեր կարեւորագոյն կառոյցին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցիին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին եւ մեր հոգեւորականութեան: Հայեր երկար ատեն եղած են սփիւռքի ժողովուրդ, զիրենք միաւորող հասարակաց մէկ յստակ թելով, որ է մեր հաւատքը: Աւելի քան 1,700 տարիներ, Հայ Եկեղեցին անաղարտ պահած է մեր ինքնութիւնը, որով մենք անոր կողքին պիտի կենանք, հաստատակամ, պահպանելու եւ յաւերժացնելու համար մեր ժառանգութիւնը եւ մեր քրիստոնէական արժէքները: Մենք յանձնառու ենք նաեւ օժանդակելու հոգեւորականներու պատրաստութեան գործին, մշակելով բարձրագոյն ուսման ծրագիրներ եւ տրամադրելով համապատասխան կրթաթոշակներ: Մեր հոգեւորականները պատրաստ պէտք է ըլլան, զինուած գիտութեամբ եւ ժողովուրդին հետ աշխատելու ձիրքերով: Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք աջակից ըլլալու անոնց իրենց աշխատանքին մէջ:
Հայաստանի ու Արցախի կարիքները եւ անոնց ընկերային ու տնտեսական զարգացման առաջնահերթութիւնները մեր աշխարհատարած ազգին համար մտասեւեռումի առարկայ են: Այդ ուղղութեամբ շատ գործ ունինք ընելիք: Մենք յանձնառու կը մնանք գործակցելու հայրենի պետութեան հետ եւ օժանդակելու հայրենի ժողովուրդին մօտ ապագայի նկատմամբ վստահութեան եւ կառուցողական տրամադրութիւններու խթանումին ուղղուած ճիգերուն, որպէսզի Հայաստանը դառնայ յուսալի այն վայրը, ուր անոնք պիտի ուզեն ապրիլ եւ կերտել իրենց զաւակներու ապագան:
Հայաստանի ՀԲԸՄ-ը անցնող տարիներուն, յատկանշական նախաձեռնութիւններ իրականացուց, առաջնորդող դեր կատարելով երկրի ընկերային եւ տնտեսական զարգացման մէջ: Մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը աւելի քան կրկնապատկուեցաւ, զօրացնելով երկրի զարգացման առնչուող խնդիրներու քննարկումին եւ լուծումներուն մասնակից ըլլալու մեր հնարաւորութիւնները:
Անշուշտ մենք կը շարունակենք յատկացումներու եւ կրթաթոշակներու միջոցաւ օժանդակել երկրի բարձրագոյն ուսման կառոյցներուն, ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին եւ Հայաստանի Ֆրանսական Համալսարանին: Այն ուսանողները, որոնց կրթութեան ի նպաստ ներդրումներ կատարած ենք անցնող տասնամեակներուն, այսօր գլխաւոր մղոններն են երկրի զարգացման տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Մեզի համար կարեւոր են նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ մեր գործակցութիւնները, որոնք իրենց կրթական նորարար արտադպրոցական ծրագիրներով, կը պատրաստեն առաջնորդներու յաջորդ սերունդները: Մեր հոգածութեան առարկայ են թոշակառու տարեցները, որոնք անցեալին իրենց ներդրումը կատարած են հայրենիքի կառուցման ճիգերուն, եւ այժմ ամէն օր կանոնաւորաբար կը յաճախեն իրենց համար գործող մեր ճաշարանները:
Հայրենի ժողովուրդին ներուժը անսահման է: Հետեւաբար մենք պիտի շարունակենք զարգացնել մեր գործակցութիւնները եւ ծրագիրները նոյն այդ ուղղութիւններով:
Յառաջիկային, մենք պիտի շարունակենք օժանդակել հայրենի պետութեան եւ կառոյցներուն, գործնական, շօշափելի եւ մնայուն ծրագիրներով, որոնք կը նպաստեն ժողովուրդի լայն խաւերուն: Այդ ծրագիրներուն մէջ պիտի ներգրաւուի նաեւ սփիւռքը, որուն մասնակցութիւնը հայրենի պետութեան կողմէ կը բնորոշուի իբր յաջողութեան ու յառաջդիմութեան գրաւական: Այս աջակցութիւնը հայրենիքին, միայն նիւթական ներդրումներու բնոյթով պիտի չըլլայ, այլ պիտի ընդգրկէ նաեւ մասնագիտական մարզեր, ինչպէս առեւտրական փորձագիտութեան, ճարտարարուեստի եւ քաղաքացիական կառոյցներու զօրացման ուղղուած աջակցութիւն: Մեր աշխատանքը հայրենի ժողովուրդին հետ պիտի ըլլայ յարգալիր ոգիով եւ գործակցական:
Ես հպարտութեամբ կը հաստատեմ, թէ մինչ պատասխանատուութեան ծանր բեռ մը ունինք մեր ուսերուն իրականացնելու համար մեր յանձնառութիւնները, ՀԲԸՄ-ը միշտ ժողովուրդի ծառայութեան գործին յառաջապահը պիտի ըլլայ: Մենք գիտակից ենք թէ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք, բայց մենք տոկուն հաստատակամութեամբ եւ մեր կարողութիւններու բոլոր ուժով նուիրուած ենք ազգի ծառայութեան մեր առաքելութեան:
Մեզի համար կարելի պիտի չըլլար իրականացնել այն ինչ ըրինք անցնող դարաշրջանին, նաեւ կարելի պիտի չըլլայ դիմագրաւել ապագայի մարտահրաւէրները, առանց ունենալու մեր անդամներուն, համակիրներուն, գործընկեր կազմակերպութիւններուն եւ մանաւանդ մեր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն աջակցութիւնը: Մենք երախտապարտ ենք մեր ղեկավարութեան հանդէպ ցուցաբերած ձեր վստահութեան եւ ձեր միակամ ճիգերուն համար: Ա՛լ աւելի փայլուն ապագայի հեռանկարով, մենք կը շարունակենք փարած մնալ մեր ազգի եւ մեր համայնքներու լայն շրջանակներուն ծառայելու մեր կոչումին:






