Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ազգային օրհներգ. Ժամանակն է որ Հայաստան ունենայ իր արժանավայել պետական օրհներգը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս դարձեալ վերարծարծուած է Հայաստանի պետական օրհներգը փոխելու հարցը։ Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցները ողողուած են տարբեր հայեացքներու տէր մարդոց զանազան զարմանազան կարծիքներով։

Մէկ բան յստակ է սակայն, որ ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ հզօր Հայաստան մը կերտելու հեռանկարով խանդավառ հայերու բացարձակ մեծամասնութիւնը, յատկապէս մտաւորականներն ու արուեստագէտները, համաձայն են որ վերահաստատուի Արամ Խաչատուրեանի յօրինած հրաշալի հիմնը, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգ։

Վերոյիշեալ հարցի մասին իմ տեսակէտս եղած է եւ կը մնայ միշտ նոյնը։

Ժամանակին դատապարտելով դատապարտած եմ «Մեր հայրենիք»-ը Հայաստանի պետական օրհներգ հռչակելու համար առնուած որոշումը։ Ինծի համար բոլորովին անհասկնալի եւ անբացատրելի էր այդ անիմաստ արարքը, որուն մէջ կարեւոր դեր խաղացին, բացի պետական  ղեկավարներէն՝ նաեւ աղմկարար «փառքի մուրացկաններ», ինչպէս նաեւ չակերտաւոր «երաժիշտներ», որոնց գործունէութեան իրաւադաշտը, իմ կարծիքով,  սահմանափակուած պէտք է ըլլար քայլարշաւներով…։

Երկրի մը պետական օրհներգը իր մէջ պէտք է խտացնէ իր ժողովրդին պատմութիւնը, անոր մշակոյթը, անոր հոգեւոր արժէքները, անոր երաժշտութեան դարաւոր ձայնալիքները, մանաւանդ՝ անոր բարգաւաճ ու պայծառ հայրենիք մը կերտելու վճռականութեան ու հայրենասիրական ոգիին արտայայտութիւնը։ 

Արամ Խաչատուրեանի յօրինած օրհներգը իր մէջ կը խտացնէ ահա՝ այդ բոլորը։

Այս առնչութեամբ տեղին է նշել, որ 1977-ին Արամ Խաչատուրեանը այցելեց Լոնտոն, ուր մնաց շուրջ երկու ամիս (Յունուար-Փետրուար)։ Մեր ամենօրեայ հանդիպումներէն մէկուն ենթացքին, պատասխանելով  հարցումիս, Վարպետը հաստատեց որ իր ստեղծագործութեան հիմնական աղբիւրը եղած է հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը։  Խաչատուրեանէն խնդրեցի խօսիլ նաեւ Սովետական Հայաստանի օրհներգի երաժշտական կառոյցին մասին։ Որպէս նախկին դպրեվանեցի զարմացայ, երբ Վարպետը յայտնեց, որ օրհներգի յօրինման մէջ օգտագործած է հայկական եկեղեցական շարականներու՝ յատկապէս «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»-ի երաժշտութիւնը։

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կան մարդիկ եւ խմբաւորումներ, որոնք դէմ են Ա. Խաչատուրեանի հիմնը որդեգրել որպէս Հայաստանի պետական օրհներգը, առարկելով որ ան յօրինուած է խորհրդային տարիներուն եւ անկէ «սովետական հոտ կու գայ…»։

Ինչպէս նշեցինք, Ա. Խաչատուրեանի օրհներգը հիմնուած է հայ եկեղեցւոյ շարականներու երաժշտութեան վրայ, հետեւաբար անկէ  բացարձակապէս «սովետական հոտ» չի կրնար գալ…։ Ընդհակառակը՝ այդ օհներգին մէջ կայ հայոց դարաւոր պատմութեան արձագանգը, Հայկ Նահապետի հուժկու ձայնը, Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ կաթողիկոսի խնկաբոյր աղօթքներուն հունչը , Վարդան Մամիկոնեանի եւ Դաւիթ Բէկի մարտական ոգին եւ մեր սրբացած բիւրաւոր նահատակներու արդարութիւն պահանջող ճիչը…։

Ինչպէ՞ս կարելի էր ժամանակակից մեծագոյն երգահաններէն մէկուն, Արամ Խաչատուրեանի յօրինած, եւ աշխարհի լաւագոյն հիմներէն մէկը համարուող օրհներգը փոխարինել «Մեր հայրենիք թշուառ անտէր»-ով…։ Երաժշտական եւ բանաստեղծական հարուստ ժառանգութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին աններելի է, նոյնիսկ ամօթ՝ ուրիշին յօրինած երգը որդեգրել, որպէս պետական օրհներգ։

Ինձի համար անհասկնալի է նաեւ այն հանգամանքը, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարները «Մեր հայրենիք»-ը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հետ, որդեգրեցին որպէս պետական օրհներգ…։

Հաւանաբար գտնուին քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու պատկանող մարդիկ, որոնք հարցումս համարեն իրենց հասցէագրուած նետարձակում։ Կրնամ վստահեցնել այդպիսիները որ յօդուածս այդպիսի նպատակ չի հետապնդեր։       

Հայ արուեստի՝ յատկապէս բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, բազմաթիւ գլուխգործոցներ կեանքի կոչուեցան սովետական տարիներուն։ Եթէ Խաչատուրեանի օրհներգէն «սովետական հոտ կու գայ», նոյն տրամաբանութեամբ՝ «հոտ կու գայ» նաեւ խորհրդային տարիներուն յօրինուած ստեղծագործութիւններէն։ Ի՞նչ ընենք, ոչնչացնե՞նք զանոնք…։ Եթէ թոյլատրելի էր «Իտալացի աղջկան երգը»-ի բառերը վիրահատելով՝ «մեր հայրենիք թշուառ անտէր»ը դարձնել «մեր հայրենիք ազատ անկախ», նոյն նշտրակով կարելի էր նաեւ «Սովետական ազատ անկախ Հայաստան»ի «սովետական»ը կտրել, եւ անոր փոխարէն դնել, օրինակ՝ «մեր փառապանծ ազատ անկախ Հայաստան», կամ նման ուրիշ արտայայտութիւն մը։

Արամ Խաչատուրեան Տուն-թանգարանի դիմագրքին մէջ (facebook) Լիանա Կարապետեանի հրատարակած Արթուր Եղիկեանի «Հիմնի պատմութիւնը»  շահեկան յօդուածը մեծապէս տպաւորեց զիս իր լրջութեամբ եւ խորաթափանց վերլուծումներով։ Նոյն դիմագրքին մէջ օրհներգի հետ կապուած լուրջ վերլուծումներու վրայ հիմնուած կարծիքներ յայտնած եւ առաջարկներ կատարած են նաեւ՝ կարգ մը այլ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս Դանիէլ Երաժիշտը, Ալեն Սիմոնեանն ու ուրիշներ։ Անոնց թելադրութիւնն է, որ   Խաչատուրեանի յօրինած հիմնը վերահաստատուի որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգ։  

Յօդուածս կ’ուզեմ աւարտել հետեւեալ եզրակացութեամբ.

Բարգաւաճ ու պայծառ հայրենիք մը կերտելու աշխատանքին նուիրուած ժողովուրդ մը, իմ կարծիքով, ԱՐԺԱՆԻ Է ՈՒՆԵՆԱԼ

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՆՄԱՆ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԵՐԱԺԻՇՏԻ ՄԸ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՀԻՄՆԸ ՈՐՊԷՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆԵՐԳ։

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ

Լոնտոն, Փետրուար 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին