«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 25 –
Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք» օրաթերթի ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ…» խորագիրի հերթական հարցազրոյցը Թուֆենկեան հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտաքլեանի հետ է: Վերջինիս հետ զրուցած ենք հիմնադրամի գործունէութեան, այս տարիներուն իրականացուցած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
-Պարոն Տուտաքլեան, կը ներկայացնէ՞ք հիմնադրամի գործունէութիւնը: Ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուած են, որո՞նք են առաջնահերթութիւննեը եւ առհասարակ հիմնադրամի նպատակն ու աշխատանքի ուղղութիւնները:
– Հիմնադրամի մասին խօսելու ժամանակ պէտք է անդրադառնալ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն: Հիմնադրամը ստեղծուած է ամերիկահայ Ճեյմս Թուֆենկեանի կողմէ, որ մեծնալով Ամերիկայի մէջ՝ տարիներ ետք յայտնաբերած է իր հայկական ծագումն ու արմատները եւ արդէն Հայաստան գալով անկախութենէն ետք խոր արմատներ ստեղծած է հայրենիքի մէջ: Հայաստանի մէջ 20 տարի առաջ հիմնուած է Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամը: Մարդասիրական տարբեր աշխատանքներէ զատ, մենք սկսանք զբաղիլ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացումով: Այդ ուղղութեամբ մենք հսկայական աշխատանք տարած ենք: Ես կ’ուզեմ կեդրոնանալ ներկային վրայ: Ներկայիս մենք կ’աջակցինք կանանց իրաւունքներու խնդիրներով զբաղող կազմակերպութիւններուն: Կ’աշխատինք նաեւ Ամերիկեան համալսարանի հետ: Ուշադրութիւն կը դարձնենք հանքարդիւնաբերութեան, որպէսզի Հայաստանի ընդերքը չչարաշահուի, Հայաստանը չտուժէ անորմէ: Կ’աշխատինք հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, կը ֆինանսաւորենք, որմէ գլխաւորը «Ընտանիք եւ համայնք» կեդրոնն է: Երեխաներու աջակցութեան չորս կեդրոն ունինք Մեծամօրի, Արմաւիրի, Իջեւանի եւ Նոյեմբերեանի մէջ, ուր հասարակականօրէն անապահով երեխաները կու գան ու կը ներառուին մշակութային տարբեր աշխատանքներու մէջ: Աւելի քան 300-350 երեխայ կը ստանայ համապատասխան աջակցութիւն մեր կեդրոններուն մէջ: Այս տարի արդէն 5-րդ կեդրոնը պիտի բանանք Շիրակի մարզի Արթիկ քաղաքին մէջ: Գիտենք, որ կարիքները շատ են, անապահով ընտանիքներու երեխաներուն պէտք է մեծ ուշադրութիւն յատկացնել, որովհետեւ եթէ մենք չզբաղինք այդ երեխաներով, իրենք կրնան շեղիլ ու յայտնուիլ անցանկալի միջավայրի մէջ:
– Խօսեցաք մարդու իրաւունքներու մասին: Այս տարիներուն ընթացքին այդ ոլորտին մէջ ձեր աշխատանքը ի՞նչ ցոյց տուած է: Հայաստանի մէջ յաճախ որո՞ւ իրաւունքները կ’ոտնահարուին, ո՞ր խաւը ամենախոցելին կը համարուի:
– Տեսէք, դժուար է բացատրել, թէ ամենախոցելին ո՛րն է: Մենք հիմա կ’աջակցինք կանանց խնդիրներով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններուն, ուրեմն մեզի համար սա ցոյց կու տայ, որ կանայք ունին խնդիրներ, իրենց իրաւունքներուն համար պէտք է աշխատիլ: Երեխաներուն հետ կ’աշխատինք, ուրեմն կը համարենք, որ խնդիր կայ: Երբ մաքուր միջավայրի մասին կը մտածենք, ուրեմն այդ ալ կարեւոր կը համարենք: Բոլորն ալ մեզի համար առաջնահերթութիւններ են:
– Հիմնադրամի հիմնական շահառուները ովքե՞ր են:
– Հիմնադրամը ծրագիրներ չ’իրագործեր, այլ մենք կ’աջակցինք, որպէսզի կազմակերպութիւնները իրականացնեն: Արթիկի մէջ, ուր գրասենեակ պիտի բանանք, դարձեալ երեխաները պիտի ըլլան շահառուները, պիտի աշխատինք «Ընտանիք եւ համայնք» կեդրոնին հետ, որ այժմ մեր գործընկերն է: Կ’աշխատինք տեղական իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ հետ:
– Արցախի մասով ի՞նչ աշխատանքներ իրականացուած են:
– Արցախի մէջ մենք մի քանի խնդիրներով կը զբաղինք, բայց մեր այսօրուան գլխաւոր նպատակը հետեւեալն է. ազատագրուած տարածքներու, յատկապէս Քաշաթաղի վարչական շրջանի վերաբնակեցումը եւ տնտեսական զարգացումը: Մենք այդտեղ կ’աշխատինք իշխանութեան եւ բնակիչներուն հետ: Որոշ շրջաններու մէջ վերաբնակեցումը գլուխ բերած ենք, օրինակ՝ Իշխանաձորի եւ շրջակայ համայնքին մէջ: Մենք կ’աջակցինք բոլոր անոնց, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն ազատագրուած այդ տարածքներուն բնակելու: Մենք տուն կը կառուցենք, ապա կը յանձնենք բնակիչներուն: Այդտեղ կան 15-20 սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք արդէն լուրջ գործեր կ’ընեն: Անոնց հետ ալ աշխատած ենք: Մենք սարքած ենք դպրոցներ, նորոգած ենք բժշկական հաստատութիւններ, մանկական կեդրոններ, համայնքապետարաններ, ջուր բերած ենք, որոշ տեղեր լոյս տարած: Մեծ, հսկայական աշխատանք իրականացուցած ենք: Հադրութի մէջ նոր գիւղ կառուցած ենք՝ Առաջամուղ գիւղը իր 24 ընտանիքով, դպրոցով, բժշկական հաստատութեամբ, համայնքային կեդրոնով: Մենք այդտեղ նաեւ տնտեսական միջամտութիւն կը կատարենք, այսպէս ըսած ներդրումներ: Ունինք նռան այգիներ, արքայանարինջի այգիներ, ցորենի ու գարիի դաշտեր եւ այլն: Բերդձոր շրջանը ունինք մոմաթերթի գործարան, որ կ’աջակցի մեղուապահութեամբ զբաղողներուն: Չեմ գիտեր, թէ ուրկէ՛ սկսիմ, ուր աւարտեմ, քանի որ ծրագիրները բազմաթիւ են: Մենք Արցախի մէջ շատ ծրագիրներ իրականացուցած ենք ու կը շարունակենք իրականացնել: