Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Հայ Երաժշտութեան Վարպետ Տիգրան Մանսուրեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Յարկին Տակ (լուսանկարներ)

Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ  Ա. վեհափառին հրաւէրով  Լիբանան  ժամանած  հայրենի  համբաւաւոր  արուեստագէտ,  երգահան,  յօրինող  Տիգրան Մանսուրեան լիբանանահայ մշակութային  միութիւններու հետ  հանդիպումներու  ծիրին մէջ  Ուրբաթ,  15   Փետրուար  2019-ի երեկոյեան  այցելեց  ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան կեդրոն,  ուր   ի պատիւ   հայրենի հիւրին   ՀԵԸ    Անդրանիկ  Մշակութային Միութիւնը  կազմակերպած էր  գողտրիկ  երեկոյ  մը:  

   Ի ներկայութիւն  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային   Յանձնաժողովի   ներկայացուցիչներու, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու,  ՀԵԸ-ի մշակութային միաւորներու վարչութիւնները ներկայացնող  ընտրանիի մը, ՀԵԸ-ի Անդրանիկ  Մշակութային  Միութեան ատենապետ  Շահէ Պապահեքեան  բարի գալուստ մաղթեց    հայրենի հիւրին եւ ներկաներուն՝ պատիւ համարելով   միութեան  յարկին տակ ընդունիլ մեծանուն  յօրինող, երաժշտագէտը: Ան  դիտել տուաւ,  որ անկարելի պիտի ըլլայ  քանի մը վայրկեանի մէջ   ներկայացնել Տիգրան Մանսուրեանի կենսագրականը:  Ապա Շահէ Պապահեքեան անդրադարձաւ   Տիգրան Մանսուրեանի   կեանքի  փուլերուն՝ մանկութիւնը,  հայրենադարձութիւնը, երաժշտական ասպարէզ մուտքը, ճանաչումը   հայրենի եւ  միջազգային  բեմահարթակներու վրայ:

  Տեսաերիզի  վրայ  ցուցադրուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի կեանքի   փուլերը  յատկանշող  ժապաւէն մը: Մայեսթրոյի   80-ամեակին առիթով  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան  պաշտօնէութեան եւ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի   անակնկալ այցելութիւնը անոր  բնակարանը:

  Սրտի խօսք  յայտնեց ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի  պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեանը:  Թանկագին  Մայեսթրոյին արժեւորումը կատարելէ ետք, ան, յանուն  ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի ղեկավարութեան   եւ  համայն միութենականներուն   շնորհաւորեց  յոբելեարը՝   80-ամեակին առիթով, մաղթելով առողջութիւն, ստեղծագործական  նորանոր  նուաճումներ, ի  փառս հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման: Ահարոն Շխրտըմեան իր խօսքը եզրափակեց   վկայակոչելով  Տիգրան  Մանսուրեանի մասին հայրենի  արուեստագէտ Երուանդ Ղազանչեանի   տպաւորութիւնները. «Եզրակացնելով պիտի   մէջբերեմ Հայաստանի  ժողովրդային արուեստագէտ  Երուանդ  Ղազանչեանի տպաւորութիւնները:   Ի դէպ յայտնեմ, թէ  Երուանդ Ղազանչեան   երկար  տարիներ եղած է  ՀԲԸՄ-ի  Հայ Երիտասարդաց  Ընկերակցութեան  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին  բեմադրիչը»,- ըսաւ ան՝ խօսքը տալով Երուանդ Ղազանչեանին. «Մանսուրեանի մասին կարելի է խօսիլ առաւօտէն  մինչեւ գիշեր, գիշերէն՝ լուսաբաց: Հայոց   լեզուի մէջ բառեր կան, որոնք  քիչ կ’օգտագործուին, օրինակ՝  «պարկեշտ»  եւ «ազնուագոյն» բառերը: Տիգրանը  պարկեշտ եւ ազնուագոյն մարդ է: Ան իր  աշխատանքով  կ’արդարացնէ  ազգանունին վերջին  «եան»-ը»:

   Հայրենի սիրուած  յօրինող երաժշտագէտ, արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, որ բաւական դժուար եղած է  անոր  կեանքի  ճանապարհը: Սակայն ինք մնացած է լաւատես  եւ  համբերութեամբ պայքարած է  զանազան  դժուարութիւններու դէմ: Մանսուրեան ըսաւ, թէ   հաւատարիմ մնացած է  իր  սկզբունքներուն, բազում զոհողութիւններով պահպանած է իր  ինքնուրոյնութիւնը եւ   վերջաւորութեան արժանացած է  երկար ժամանակ  իրմէ  զլացուած  համբաւին: Այսօր անոր  ութսունամեակը   մեծ  տարողութեամբ  կը  նշուի  սփիւռքի եւ  հայրենիքի մէջ:

 Մանսուրեան ըսաւ, որ  մանկութենէն սիրած է  գիւղը, անոր  հանդարտ   բնութիւնը, անմեղ    բնակիչները, գիւղի առօրեան:  Պատահական  չէ, որ իր գործերուն մէջ  տեղ գտած  են այդ ապրումները:  Աշխատելով  հանդերձ արտերկրի  համբաւաւոր   նուագախումբերու,  յօրինողներու,   երաժշտագէտներու հետ, անոր կարծիքով,  Հայաստանը այն  հողն է, որ պարարտ  ենթահող  ծառայած է իր ստեղծագործութիւններուն:

  Պատասխանելով ներկաներու  հարցումներուն՝   Տիգրան Մանսուրեան  վերյիշեց   իր մանկութեան  օրերը, ծննդավայրը՝ Պէյրութը, Այն Մըրէսիի  թաղամասը,  մանկութեան տարիներուն  լսած եւ սորված արաբերէն  երգերը, նաեւ  խօսեցաւ մօտիկ ապագայի  ծրագիրներու մասին:

  Տիգրան Մանսուրեան իր հիացումը յայտնեց  Հայկական Բարեգործական   Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան   ծաւալած աշխատանքին: Ան  ըսաւ, որ բազմաթիւ առիթներով  գործակցած  է  ՀԲԸՄ-ի հետ:  Յարատեւ  վերելք եւ նորանոր   յաջողութիւններ մաղթեց  ՀԲԸՄ-ին:

 Հանդիպումի աւարտին,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ   Անդրանիկ Մշակութային  Միութեան ատենապետ  Շահէ   Պապահեքեան գնահատանքի  յուշանուէրով մը պատուեցին Տիգրան Մանսուրեանը:

Ապա տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն, որուն  ընթացքին  ներկաները աւելի մօտէն  ծանօթացան Տիգրան  Մանսուրեան  մարդուն եւ արուեստագէտին:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին