Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տիգրանակերտի Պեղումներուն Յատկացուող Գումարը 8 Միլիոն Դրամով Աւելցած Է

2019-ին Տիգրանակերտի պեղումներուն յատկացուող գումարը աւելցած է 8 միլիոն դրամով:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ պեղումները պիտի իրականացուին հնավայրի տարբեր հատուածներու վրայ, որոնք պիտի որոշուին հնագիտական արշաւախումբի ղեկավարին կողմէ:

Անդրադառնալով Քարին տակի քարանձաւին մէջ կատարուող աշխատանքներուն՝ նախարարը նշած է, որ անցեալ տարի այնտեղ յայտնաբերուած են հետաքրքրական նիւթեր. այս տարի հովանաւորչական միջոցներով աշխատանքները պիտի շարունակուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին