Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սիրուշոն Միջազգային Մրցանակի Արժանացած Է

Հայկական էսթրատայի ինքնատիպ երգչուհիներէն Սիրուշոն արժանացած է մրցանակի՝ Տուպայի մէջ կայացած DIAFA միջազգային մրցանակաբաշխութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Երգչուհին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է, որ Միջին Արեւելքի հեղինակաւոր «DIAFA» մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր ոլորտներու մէջ ձեռքբերումներու հասած մասնագէտներու՝ սկսեալ բժշկութենէն մինչեւ շարժանկարի արուեստ, մարմնակրթութենէն մինչեւ երաժշտութիւն:

«Առաջին անգամ Հայաստանը կը մասնակցի այս մրցանակաբաշխութեան, եւ ես երջանիկ եմ, որ առաջինն եմ, որ  կ’արժանանամ այս մրցանակին»,- պարգեւը ստանալու ժամանակ ըսած է Սիրուշոն:

Երգչուհին ներկաներուն հարցուցած է՝ եթէ դէմ չեն, որ ինքը փորձէ հայկական ժողովդրական երգ սորվեցնել հանդիսատեսին: Հաղորդավարները սատարած են Սիրուշոյին եւ ան կատարած է «Զի՞նչ ու զի՞նչ տամ լողուորչուն» հայկական ժողովրդական երգը, իսկ դահլիճը ձայնակցած է անոր:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղած են դեսպաններ, միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, համաշխարհային աստղեր: «DIAFA»-ն ուղիղ եթերով հեռարձակած է 6 հեռուտաալիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին