Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհահռչակ Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը Պարգեւատրեց «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով

Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհա- հըռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը։

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը։ Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երա- ժըշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ համամարդ- կային, խորապէս պահած է ազգայինը ու այդ բոլորը կատարած է հայու իր հայեցի պրիսմակէն։

Ապա, նախքան շքանշանին տուուչութիւնը, Նորին Սրբութիւնը յղեց իր պատգամը։ Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ազգային արժէքները երաշխիք են ժողովուրդի մը գոյատեւման, իսկ հայ ժողովուրդին ծառայութեան լծուած կառոյցներուն կողքին, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբով ու տար- բեր ձեւերով լծուած է այդ արժէքներուն տարածման։ Խօսքը ուղղելով Մանսուրեանին՝ Հայրապետը նշեց, որ Մանսուրեան իր ողջ կեանքը նուիրած է երաժշտութեան ու անոր դասական թէ ժողովրդային յօրինումները հնչած են Հայաստանի ու համաշ- խարհային բեմերէն։ «Ձեր ստեղծագործութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ օտարներուն փոխանցեցիք հայու հարազատ ոգին ու ամուր հաւատքը, հայու խոր տառապանքն ու հրաշափառ վերածնունդը»,- ըսաւ հայրապետը ու շարունակեց, թէ քաջ գիտենք, որ Մանսուրեան իր կեանքի այս փուլին տակաւին կը ձգտի նոր յօրինումներով ճոխացնել իր երաժշտական ժառանգը։ Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ բարձրեալ Աստուած ու քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Մանսուրեանին։

Աւարտին, Տիգրան Մանսուրեան իր երախտա- գիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան ու ըսաւ, որ այս շքանշանին տուուչութիւնը զինք կը մղէ վերանորոգելու իր ստեղծագործելու թափը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին