Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ Վենետիկի Սուրբ Մարկոս Տաճարին Մէջ

Փետրուար 9-ի երեկոյեան Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի  ունեցած է «Արեւմուտքի, Հայաստանի եւ Վենետիկի ներդաշնակութեան ուղիներով» խորագիրով համերգ` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:

Ողջոյնի խօսքով ձեռնարկը բացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան: Վերջինս գոհունակութիւն  յայտնած է Վենետիկի պատրիարքին, որ ներկայ էր ձեռնարկին, ապա  քանի մը բառով ներկայացուցած է համերգի ծրագիրը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի փոխտնօրէն հայր Գէորգ վարդապետ Սարգսեան, երգացանկը կատարուած է Վարեզի կամերային երգչախումբին կողմէ, ղեկավար` Գաբրիէլ Կոնտի, մասնակցած են նաեւ տուտուկահար Արամ Իփեքճեանը եւ երգեհոնահար Ճովաննի Մազզան:

Համերգը բաղկացած էր 15 կտորէ` երգչախմբային եւ երաժշտական: Հնչած է հիմնականին մէջ հայկական երաժշտութիւն. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, որ 2015 թուականին հռչակուեցաւ Համընդհանուր եկեղեցւոյ դոկտոր, Եկմալեան, Կոմիտաս Վարդապետ:

Ձեռնարկին աւարտին Վենետիկի պատրիարքը երախտագիտութեան եւ ողջոյնի խօսքեր  ըսած է` երաժշտական իրադարձութիւնը կոչելով ո՛չ թէ պարզապէս համերգ, այլ հոգեւոր բարձրութեան եւ  վերափոխման պահ:

Համերգին ներկայ էր շուրջ 300 մարդ, որոնք համերգէն ետք  յուզական զգացումներով  հեռացած են Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին