Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Մէջ 50 Աշխատատեղով Եւ 130 Սենեակով Հիւրանոց Բացուած Է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է աշխարհահռչակ IHG հիւրանոցային ցանցի «Հոլիտէյ Ինն Էքսփրես» հիւրանոցի բացման արարողութեան, կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Ներդրումային ծրագիրը իրականացուցած է «Հարմոնի Ինթերնէյշընըլ» ՍՊԸ-ի հիմնադիր-նախագահ Ղուկաս Գրիգորեանը: Հիւրանոցի կառուցման աշխատանքները տեւած են երեք տարի, կատարուած է մէկ տասնեակ միլիոն տոլարի ներդրում, ստեղծուած է 50 նոր աշխատատեղ:

Կառավարութեան ղեկավարը ծանօթացած է հիւրանոցի աշխատանքներուն եւ ստեղծուած պայմաններուն: Փաշինեան ողջունած է ներդրումային ծրագրի իրականացումը եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ նոր հիւրանոցներու կառուցման նախաձեռնութիւնները, որոնք զբօսաշրջիկներուն կը մատուցեն բարձրակարգ ծառայութիւններ եւ յարմարաւէտ պայմաններ:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան իր հերթին տեղեկացուցած է, որ 2018 թուականին Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը հասած է 1.6 միլիոնի եւ գործադիրին նպատակն է այդ ոլորտին մէջ տարեկան ապահովել 7-10 տոկոս աճ:

«Հոլիտէյ Ինն Էքսփրես» հիւրանոցին մէջ առկայ է 130 սենեակ, ինչպէս նաեւ կահաւորուած հանդիպումներու սրահ: Նախասրահը յագեցած է համակարգիչներով, յարմարաւէտ նստատեղերով, լիցքաւորող սարքերով եւ գերարագ Wi-Fi-ով :

Այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի ուղեկցութեամբ շրջած է Երեւանի Գլխաւոր պողոտայի այգին մէջ, ծանօթացած այստեղ կատարուող վերակառուցման աշխատանքներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին