Պատիւ Արժանաւորին
ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը փրոֆէսոր Լեւոն Նորտիկեանը վեհարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ մտաւորականներու, դասախօսներու, բարեկամներու եւ մասնաւորապէս Սեն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդհանուր տնօրէն հայր Սելիմ Տաքքաշի:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆ՝ Սեն Ժոզէֆ համալսարանի գրականութեան եւ մարդկային գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէնուհին, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Նորտիկեանի կենսագրականը եւ գործունէութիւնը: Ան ըսաւ. «Նորտիկեան ամբողջ կեանքը նուիրած է պատմութեան, հնագիտութեան, նկարչութեան, հայութեան, Յիսուսեաններուն եւ Լիբանանին: Ան ազատօրէն կ’արտադրէ գործեր եւ ամէն հանդիպումի կը խօսի նոր ծրագիրի մը մասին»:
«Զաւակը ըլլալով ընտանիքի մը, որ ճողոպրած է ցեղասպանութենէն՝ Լեւոն կը մտնէ Սուրբ Գրիգոր վարժարանը (Էշրէֆիէ), որ կը պատկանէր Յիսուսեաններուն, կը սկսի այդ օրէն արկածախնդրութիւնը Յիսուսեան միաբանութեան հետ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Իր բարձր ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ, ուր կ’անցընէ տասը տարի ու կը ստանայ արուեստի եւ հնագիտութեան վկայական Սորպոնի Փարիզ Ա. համալսարանէն: Լիբանան վերադարձին (1979), կը մտնէ Սեն Ժոզէֆ համալսարան՝ դասաւանդելու հին պատմութիւն: 2000-ին կը հիմնէ լիբանանեան նախապատմական թանգարանը, որ միակն է Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Զայն կը ղեկավարէ մինչեւ 2014:
Սկզբնական շրջանին, 1983-էն սկսեալ երկու տարին մէկ անգամ լիբանանեան զանազան շրջաններու (Ժպէյլի, Քուրայի, Պաթրունի, Թրիփոլիի) մասին գրութիւններ կը տպուին համալսարանի տրեգիրքերուն մէջ, որ կ’ընդգրկեն հնագիտութեան նիւթեր: 2008-էն 2014 Եունեսքոյի մէջ կարեւոր պաշտօններ ստանձնելէ ետք կը ստանայ երկու պարգեւներ:
Իր պրպտումներուն ընթացքին կը գտնէ միաբան Յիսուսեան հայր Բուատըբարի նկարչական հսկայ հաւաքածոն, որ իր առջեւ պիտի բանայ դուռը հիմնելու պատկերադարանը արեւելեան գրադարանին Սեն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ: Այդ հաստատութեան տնօրէնն է 2014-էն ի վեր, որուն միջոցաւ պիտի կարենայ համադրումը ընել իր եզակի գիտելիքներուն՝ պատմութեան, հնագիտութեան եւ նկարչութեան մէջ, որովհետեւ ան միակ անձն է Լիբանանի մէջ, որ կրնայ թուագրել, կապակցել ու դասաւորել պատկերներ, որոնք չունին որեւէ թուական կամ տեղեկութիւն: Ան պիտի հրատարակէ «Անթուան Բուատպար: քարոզիչը, օդաչուն եւ նկարիչը» գիրքը օդային հնագիտութեան ռահվիրային մասին, նմանապէս պիտի հրատարակէ ալպոմներ, որոնցմէ յիշենք՝ «Կիլիկիոյ հայերը» (2012), ուր կայ ուսումնասիրութիւն մը Սիսի մայր եկեղեցիին մասին, հին նստավայրը հայկական կաթողիկոսութեան, տարագրութիւններէն առաջ եւ Անթիլիաս չհաստատուած:
Այս բոլորը պիտի առաջնորդեն դէպի հայկականութիւն՝ Նորտիկեանի գլխաւոր սէրը, որուն համար այսօր Արամ Ա. կաթողիկոսը զինք կը պարգեւատրէ: Նորտիկեան, աշխատակցելով պատմաբաններու հետ, պիտի հրատարակէ երկու գործեր Լիբանանի հայերուն մասին. «Հայերը, ապաստանի փնտռտուք 1917-1939», «Լիբանանի հայերը, հարիւր տարուայ ներկայութիւն»: Նմանապէս մեծ դեր պիտի ունենայ Արամ Պէզիքեան ցեղասպանութեան որբերու թանգարանին յետագծման ու դասաւորման մէջ, որ յատուկ ու առաջին թանգարանն է Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ նախաձեռնութեամբ Արամ Ա. վեհափառին:
Վերջապէս, Նորտիկեան ունի բացառիկ յատկութիւններ իբրեւ մտաւորական, ակադեմական եւ հետախուզող, սէր աշխատանքի, մտաւորական առաքինութիւն ու մարդկային առաքինութիւններ, առատաձեռնութիւն, համեստութիւն եւ խոնարհութիւն»:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Գրիգոր Թերզեան՝ բարեկամ Նորտիկեանի եւ Լէօկրավիւրի տնօրէն, որ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց Լեւոնի մտաւորական գործը մշակոյթի, պատմութեան եւ հնագիտութեան մարզին մէջ եւ մասնաւորապէս անոր բծախնդիր ու խստապահանջ ըլլալը գիրքերու տպագրութեան ընթացքին:
Ապա վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց Նորտիկեանի 40 տարուան մտաւորական գործունէութիւնը պատմութեան ու հնագիտութեան մարզերէն ներս: Անոր գործերը օգտակար եղած են ընդհանուր հայութեան, Լիբանանի հայութեան եւ Լիբանանին: «Նորտիկեանի հետազօտութիւններն ու պրպտումները արդիւնաւորուեցան հնագիտութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան մարզերուն մէջ չորս բացառիկ գիրքերով, որ կը խօսին մեր ժողովուրդին մասին»: Անդրադառնալով Նորտիկեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստին՝ վեհափառ հայրապետը յիշեց անոր տարած ուսումնասիրութիւնը Սիսի կաթողիկոսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ծրագիրներուն, անոր հիմնադրութեան ու դասաւորման աշխատանքներուն նպաստելով: Ապա վեհափառ հայրապետը պարգեւատրեց փրոֆէսոր Նորտիկեանը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:
Ի վերջոյ, փրոֆ. Նորտիկեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին: Ան ըսաւ. «Սիսի կաթողիկոսարանին գիտական ուսումնասիրութեանս ընթացքին համբերութեամբ փորձեցի վերականգնել յատակագիծը եւ ներքին դասաւորումը, եւ երբ կը բաղդատեմ լքուած վիճակի վերածուած մեր Սիսի կաթողիկոսարանը եւ ինչ որ հոս կը տեսնենք Անթիլիասի մէջ, կրնանք ըսել, որ տարբերութիւնը հսկայական է, իրական վերածնունդ տեղի ունեցած է՝ շնորհիւ վեհափառ հայրապետի ջանքերուն: Նաեւ վեհափառը յիշեց իմ բերած նպաստս «Արամ Պէզիքեան» Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանին, որ երբեք լոյս պիտի չտեսնէր առանց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի վճռակամութեան: Սեն Ժոզէֆ համալսարանի նկարչական արխիւները ինծի առիթ տուին կարգ մը հատորներ հրատարակելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ ժողովուրդին մասին՝ աջակցութեամբ մասնագէտներ՝ Քրիսթին Պապիկեան Ասաֆի եւ Քարլա Էտտէի: Վերջապէս, այս գործունէութեամբ կրցայ միացնել երկու հայրենիքներս՝ Լիբանանը եւ Հայաստանը, եւ կրնամ հաստատել, որ 100 առ 100 հայ եմ եւ 100 առ 100 լիբանանցի: