Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

«Ինքնաշարժ Վարելու Օրէնքներ Ու Կանոններ» Զեկուցողներ՝ Մեթնի Եղբայրներ (լուսանկարներ)

ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ

Գ. քառորդի առաջին ատենամարզանքը տեղի ունեցաւ 8 Փետրուար 2019-ին:

Նիւթն էր ինքնաշարժ վարելու հետ առնչուած հարցերը, իրենց օրինապահութեամբ, կանոններու յարգումով, օրէնքներու գործադրութեամբ եւ ընդհանրապէս ինքնաշարժին դերը եւ տեղը մեր իրականութեան մէջ, իր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով:

Այս այժմէական նիւթը ներկայացնելու համար, տնօրէնութիւնը հրաւիրած էր Ժորժ եւ Ռոյ Մեթնի եղբայրները, որոնք, հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, ոչ միայն անդրադարձած էին անոր հրատապութեան, այլեւ այդ գծով մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած՝ իրենց սեփական հաստատութիւնը հիմնելով, Լիբանանի մէջ դառնալով ծանօթ անուն մը, նոյնիսկ միջազգային ոլորտներու կողմէ ճանչցուելով:

Տեղին է նշել, որ իրենց հանգուցեալ հայրը եղած է Լիբանանի ինքնաշարժ-սփորի ախոյեան, եւ զաւակները որոշած են անոր յիշատակը վառ պահել՝ նման ընկերութիւն մը հիմնելով՝ ի ծառայութիւն երթեւեկի օրէնքներու գործադրութեան եւ անվտանգութեան:

Հիմնուած ընկերութեան նպատակն էր լիբանանցիները եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը յորդորել զգոյշ ըլլալ եւ երթեւեկի չափազանցութիւններուն չդիմել, արագութեան թէ կողմնակի ու խառնակող զբաղումներէ հեռու մնալ, բջջային գործիքէն հրաժարիլ, ապահովութեան գօտի գործածել, վարելու օրէնքները կիրարկել, իսկ արգիլեալ տարիքէն առաջ բնաւ փորձութեան չենթարկուիլ ինքնաշարժ վարելու:

Մեթնի եղբայրները տեսերիզի ցուցադրութեամբ, բացատրութիւններով ու թելադրութիւններով գրեթէ ամբողջական գաղափար մը տուին, թէ ինքնաշարժ վարելը, իր բազմաթիւ գրաւիչ կողմերով հանդերձ, խիստ վտանգաւոր եւ աղէտաբեր է, երբ անոր գործածութիւնը կը շահագործուի՝ դուռ բանալով տխուր հետեւանքներու, որոնցմէ խուսափելու համար անհրաժեշտ է միշտ զուսպ ու չափաւորական ըլլալ եւ յատկապէս հետեւիլ երթեւեկի պետական կանոններու ճշգրիտ գործադրութեան:

Աշակերտութիւնը մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ զեկուցողներուն ցուցումներուն՝ մերթ ընդ մերթ պատասխանելով անոնց հարցումներուն, հոն ուր պէտք էր կամ զինք կը հետաքրքրէր՝ հաղորդական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով, ինչ որ գնահատուեցաւ նաեւ զեկուցողներէն:

Այս կարեւոր օրակարգին անդրադարձումը իսկապէս արժանի էր նման արծարծումի, դպրոցական տարիքէն, ցոյց տալու համար, որ ինքնաշարժ վարելը եւ անոր հետ վերաբերիլը դաստիարակութիւն է, այս պարագային՝ քաղաքացիական:

Երիտասարդ փորձագէտները կրցան լուսաբանել աշակերտութիւնը ընկերային այս հիմնական հարցին նկատմամբ ունենալու տուեալներ ու գիտելիքներ՝ պատշաճօրէն վերաբերելով անոր հետ, երբ ժամանակը հասնի:

Աւարտին, տնօրէնը՝ պրն. Արա Վասիլեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց զեկուցողները իրենց տարած քաղաքացիական ու մարդասիրական նպաստին համար՝ լիբանանցի նոր սերունդը դաստիարակելով այդ ոգիով ու գիտակցութեամբ, մինչ աշակերտները ծաղկեփունջերով շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին