Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Սաատ Հարիրին Համաձայնած Են Ապրիլին Գումարել Հայ-Լիբանանեան Միջկառավարական Յանձնաժողովին Նիստը

«Զարթօնք», Պէյրութ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Սաատ Հարիրին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելուն եւ վարչապետի պաշտօնին  վերանշանակուելուն կապակցութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը յաջողութիւն մաղթած է Սաատ Հարիրիին եւ անոր գործակիցներուն այս կարեւոր առաքելութեան մէջ եւ համոզում յայտնած, որ Հարիրիի ղեկավարութեամբ նոր կառավարութիւնը երկիրը կը տանի դէպի զարգացում եւ տնտեսական յառաջընթաց:

Զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը: Երկուստեք համաձայնած են գումարել հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը այս տարուան Ապրիլին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին