Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսին հետ քննարկեց համայնքային հարցեր

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Չորեքշաբթի, Փետրուար 6-ին, Կլենտէյլի Հայաստանի Հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին հետ։

Շնորհաւորելով այս պատասխանատու պաշտօնին նշանակուիլը, ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները բեղուն աշխատանք եւ յաջողութիւն մաղթած են Դոկտ. Բայբուրդեանին։

Անոնք արծարծած են համայնքային հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նոր կառավարութեան այսօրուան մարտահրաւէրները եւ անոր նոր ծրագիրները ԱՄՆ-ի եւ մասնաւորապէս Արեւմտեան ափի մէջ։

Հանդիպումը անցած է ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին