Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Հարցազրոյց Ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեանի հետ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շանկհայի սիմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան տարեկան արձակուրդը անցընելու համար եկած էր Հարաւային Քալիֆորնիա։

Բարեկամս՝ Պերճ Չոլաքեան, Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2019-ի կէսօրուան, զինք բերած էր ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի գրասենեակը, որպէսզի ծանօթանայ գրասենեակի անձնակազմին եւ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Կատարողական արուեստի կեդրոնին։

Ան այցելեց նաեւ Փասատինայի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հանդիպեցաւ Վահէ Սրկ. Չարխըտեանին, որ հետաքրքրուեցաւ Շանկհայի հայ գաղութին մասին եւ իմացանք, թէ հոն կ՚ապրի քառասուն հայ միայն։

Օգտուելով այս բարեբաստիկ առիթէն, խնդրեցի որ Պօղոսեան հարցազրոյցով մը գաղութս տեղեակ պահէ Չինաստանի մէջ իր ասպարէզին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։ Սիրով ընդառաջեց եւ ստորեւ, շահեկան այդ հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները։

 

Գ. Ք. – Ինչպէ՞ս ընտրեցիք ջութակը որպէս միջոց՝ ձեր երաժշտական տաղանդը արտայայտելու։

Ա.Պ.- Քոյրերէս մէկը դաշնամուր մը ունէր, որ ինծի մատչելի էր նուագելու։ Իսկ միւս քոյրս՝ Անին, ջութակ մը ունէր, ու ինծի թոյլ չէր տար որ նուագէի։ Ոստի, երբ մայրս հարց տուաւ թէ ի՞նչ գործիք կը նախընտրեմ, առանց վարանելու ջութակ ըսի, որովհետեւ անկէ զրկուած զգացած էի եւ մնացեալը կեանքիս պատմութիւնը դարձաւ։

Գ. Ք. – Բայց ինչո՞ւ Չինաստան գացիք ուսանելու։

Ա.Պ.- 2009 թուականին, երբ 16 տարեկան էի, աւարտեցի երկրորդական վարժարանը եւ ուզեցի արտասահման երթալ երաժշտական ուսումս շարունակելու համար։ Ուստի, դիմեցի պետական հովանաւորութիւնը վայելող ուսանողական փոխանակման ծրագրին (student exchange program)։ Շատ չանցած հրաւէր ստացայ Շանկհայի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբէն եւ քիչ մը վարանումով ընդունեցի ու մօրս հետ գացինք Չինաստան։

Գ. Ք. – Սկզբնական շրջանին, ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք։

Ա.Պ.- Ինծի պայման դրին թէ ութը ամիսէն պէտք է սորվիմ չինարէն (Mandarin), այլապէս պէտք է վերադառնամ իմ երկիրս։ Բարեբախտաբար սորվեցայ լեզուն եւ շուտով դարձայ նուագախումբին գլխաւոր ջութակահարը։ Առաւել, ստացայ վարչական կարեւոր պատասխանատուութիւն՝ որպէս նուագախումբի նախագահին օգնականը։

Գ. Ք. – Չինացիները ի՞նչ գիտեն Հայաստանի եւ հայերու մասին։

Ա.Պ.- Անոնք հայերու մասին բնաւ գաղափար չունէին, իսկ Հայաստանը կը կարծեն թէ Սովետական Միութեան մէկ մասն է։ Բայց հիմա բաւական լայն տեղեկութիւն ունին այդ հարցերուն մասին, շնորհիւ իմ բացատրութիւններուս։

Գ. Ք. – Արդեօք հայ յօրինողներու գործերը մաս կը կազմե՞ն Շանկհայի Սիմֆոնիք նուագախումբի յայտագրին։

Ա.Պ.- Միայն Խաչատուրեան եւ ան ալ կը խորհին թէ հայ չէ, այլ Սովետ՝ նման Շասթաքովիչին, Ռախմանինովին եւ Ռասթաբովիչին։

Գ. Ք. – Ի՞նչ կ՚ընէք հայութիւնն ու հայ երաժշտութիւնը ծանօթացնելու համար չինացիներուն։

Ա.Պ.- Կազմած եմ քառեակ մը եւ մենք կու տանք նուագահանդէսներ, որոնց յայտագիրը կը բաղկանայ հայկական թեմայով գործերէ։ Օրինակ, Կոմիտասի «Կռունկ»ը, մեծ ազդեցութիւն կը գործէ թէ՛ ունկնդիրներուն վրայ եւ թէ՛ իմ վրաս, որովհետեւ նուագին հետ առընթեր, արցունքոտ աչքերով կը ներկայացնեմ նաեւ պատառիկներ մեր Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն։

Գ. Ք. – Արտերկրի նուագահանդէսներու ի՞նչ ծրագիրներ ունի Շանկհայի սիմֆոնիք նուագախումբը։

Ա.Պ.- Այս ամառ մենք նուագահանդէսներով հանդէս պիտի գանք մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ Շիքակոյի մէջ, ինչպէս նաեւ կարգ մը եւրոպական երկիրներու մէջ։

Գ. Ք. – Իսկ ի՞նչ կը մտածէք ձեր խումբը Հայաստան հրաւիրելու մասին։

Ա.Պ.- Դեռ շատ կանուխ է, բայց կը յուսամ որ օր մը կ՚իրականանայ իմ այդ երազս։ Գիտէ՞ք, շատ դիւրին չէ 150 հոգինոց խումբը Հայաստան տանիլ, սակայն «կամենալը՝ կարենալ է» …

Գ. Ք. – Հայկական կերակուրներու կը կարօտնա՞ք։

Ա.Պ.- Անշուշտ։ Բարեբախտաբար վերջերս առաջին արաբական ճաշարանը բացուեցաւ Շանկհայի մէջ եւ ես կ՚օգտուիմ այդ բացառիկ առիթէն։ Առաւել, մէկ սենեակնոց յարկաբաժինիս մէջ, սորվեցայ հայկական պանիր սարքել։ Նաեւ պէտք է նշեմ, որ սենեակիս պատերը զարդարուած են հայկական նկարներով, զայն դարձնելով իմ «փոքրիկ Հայաստանս»։

Շնորհակալութիւն Աստղիկ ջան այս պատեհ առիթին համար եւ ձեզի կը մաղթեմ ամենայն յաջողութիւն ձեր ապագայի ծրագիրներուն նկատմամբ։

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին