Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Բծախնդրութեան պակա՞ս

Գիրքեր

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոր Տարուան առթիւ նուէր ստացայ “ARMENIA. Art, Religion, and Trade in the Middle Ages” գիրքը, խմբագրութեամբ Նիւ Եորքի Metropolitan Արուեստի Թանգարանի Mary and Michael Jaharis Բիւզանդական Արուեստի խնամակալ Դոկտ. Հէլէն Էվանսին: Գեղեցիկ եւ թանկարժէք այս գիրքը ցուցակն է 22 Սեպտեմբեր 2018 – 13 Յունուար 2019 սոյն թանգարանին մէջ կազմակերպուած միջնադարեան հայկական գեղարուեստական ու մշակութային արժէքներուն նուիրուած հպարտառիթ ցուցահանդէսին ներկայացուած նմոյշներուն, յուշարձաններու լուսանկարներուն, պատմական եւ տեղային տուեալներով ու բացատրութիւններով առընթեր:

Մինչ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հպարտանքով կը թերթէի գիրքը, պատահմամբ նկատեցի 124-րդ էջին վրայ ներկայացուած, Գրիգոր Տաթեւացիի կողմէ վերականգնուած, ամբողջացած, մասամբ մանրանկարուած Աւետարանի մը տուեալներուն մէջ “Scribe:Yovhannes” (Գրիչ: Յովհաննէս, Ե.Ղ.) տեղեկութիւնը: Մտածեցի՝ վրիպակ: Բայց նոյն վայրկեանին հետաքրքրութիւնս աւելի սրեցաւ: Եւ քիչ ետք հասայ այն եզրակացութեան՝ թէ վրիպակ չկար. պարզապէս «Յ»ն, ըստ նոր (արեւելահայերէնի) ուղղագրութեան, տառադարձուած էր

“Y”:

Առնուազն 15 տեղ Յովհաննէս-ը եղած է Yovhannes, Yohanes կամ Yovanes, Յովսէփը՝ Yovsep, Յարութիւնը՝ Yarutiwn, իսկ Յայսմաւուրքը՝ Yaysmawurk: Դեռ աւելին՝ քահանայ-ն վերածուած է kahanay-ի, իսկ աբեղայ-ն abeghay-ի, որովհետեւ արեւմտահայերէնի (դասական) ուղղագրութեամբ անոնք «յ»-ով կը վերջանան: Անընդունելի: Զարմանալիօրէն փրկուած է Յակոբը, որ տառադարձուած է Hakob-ի:

Ճիշդ է թէ գիրքին 21-րդ էջին վրայ նշուած է «հայկական բառերու տառադարձութիւնները ըստ կարելւոյն կը հետեւին Library of Congress-ի համակարգին»: Սակայն եթէ այդ համակարգը չի համապատասխաներ ճիշդ հնչումին, պէտք չէ՞ սրբագրել: Այս պարագային անգլիախօսին ճիշդ հնչումը ներկայացնելն է կարեւորը: Գիրքին եւ ցուցահանդէսին պատրաստութեան համար աշխատակցած մասնագէտներու ցանկին մէջ կան բազմաթիւ հայկական անուններ: Անոնք բոլորն ալ անգլիախօ՞ս են, որ չեն անդրադառնար սխալին, կամ արեւելահա՞յ, որ անտեղեակ են կամ անտարբեր արեւմտահայերէնին, դասական ուղղագրութեան եւ անոր ճիշդ տառադարձութեան հանդէպ: Անգլիախօս թէ արեւելահայախօս՝ անոնք Hovhannes, Hovsep, Harutiun, Hakob անուններուն չէի՞ն հանդիպած երբեք: Ցուցահանդէս այցելողները հայեր չէին միայն. Ինչո՞ւ ճիշդ հնչումով չներկայացնել զանոնք օտարին:

Լաւ թէ գէշ, այսօր գոյութիւն ունին եւ կը գործածուին թէ՛ արեւելահայերէնը եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը: Արեւմտահայերէնի, դասական-մեսրոպեան ուղղագրութեան պարագային, երբ «Յ» տառը բառին սկիզբն է, կը հնչենք ճիշդ «Հ»ի նման եւ անգլերէնի մէջ ան կը վերածուի “H”-ի: Այս պարագային՝ Յովհաննէս=Hovhannes, Յովսէփ=Hovsep, Յարութիւն=Harutiun, Յակոբ=Hakob, Յայսմաւուրք=Haysmavurk: Իսկ բառի վերջաւորութեան գտնուող «յ»ն մունջ է (քահանայ=kahana, աբեղայ=abegha) եւ կը հնչենք միայն հոլովումի ժամանակ (քահանայի, աբեղայի):

 ***

Վերջերս զանազան թերթերու մէջ երեւցաւ զուիցերահայ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Տիկին Աննա… քայլ արա եւ ընդունէ արեւմտահայերէնը» յօդուածը, դրդուած ՀՀ Վարչապետին տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի «մենք արեւմտահայերէն չենք տպեր» ընդվզեցնող պատասխանէն:

Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն(Մուշեղ Իշխան)

Թէ՛ արեւմտահայերէնը եւ թէ՛ արեւելահայերէնը: Թէ՛ արեւմտահայուն համար եւ թէ՛ արեւելահայուն: Մանկութենէս կարդացած եմ արեւելահայերէն գրականութիւն եւ մամուլ: Տակաւին կը յիշեմ «Ճանապարհորդ ոզնին»ի առաջին տողը. «Ոզնին ուզեց բախտը փորձել …»: Մեր գրադարանը,– արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն գրականութեամբ, դասական թէ աբեղեանական ուղղագրութեամբ,– գանձն էր մեր տան:

Արեւմտահայը երբեք պիտի չուրանայ իր ժառանգած արեւմտահայերէնը, իսկ արեւելահայը երբեք պիտի չուզէ հրաժարիլ իր վարժուած արեւելահայերէնի նոր ուղղագրութենէն: Քանի մէկ ազգ ենք,– Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, քանի մէկ է մեր լեզուն,– իր երկու ճիւղերով,– եւ խօսող ունի տակաւին, քանի գոյատեւելու համար կարիքը ունինք իրարու, կարիքը ունինք նաեւ փոխադարձ յարգանքի՝ միշտ եւ ամէն տեղ: Աւելի ուշադիր ըլլալու ենք մեր արտայայտութիւններուն մէջ եւ աւելի բծախնդիր օտարին հրամցուցած մեր պատկերի պարագային:

Տարիներ առաջ ծանօթ մը պատմած էր թէ երբ կը գտնուէր երեւանեան լրագրավաճառի մը մօտ, յաճախորդ մը ներս մտած էր «մի հատ «Յառաջ» (հնչած էր Yarach, Ե.Ղ.) կը տաս» ըսելով: Այդպէս գիտէր, այդպէս ըսաւ: Զարգացած մասնագէտէն աւելին չակնկալե՞նք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին