Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ՌԴ-ի Դէմ ԵՄ-ի Նոր Պատժամիջոցները Կ’ընդունուին ԱՄՆ-ի Սաստիկ Ճնշումով. Լաւրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քերչի նեղուցի իրադրութեան կապակցութեամբ Եւրամիութեան հակառուսական պատժամիջոցները կ’ընդունուին Ուաշինկթընի հզօր ճնշումով: Այդ մասին Փետրուար 13-ին յայտնած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ մեկնաբանելով Ռուսիոյ նկատմամբ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի հաւանական նոր պատժամիջոցներուն վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Իմ դիտարկմամբ՝ սա անմիջական դրսեւորում է, որ եւրոպացիները վերստին կ’ընդունին իրենց լիակատար անկարողութիւնը Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշէնքօն ստիպելու Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները կատարելու: Քանի որ անոնք արդէն իրենց պատուէրատուները» ղեկավարել չեն կրնար, ապա պէտք է ինչ-որ բան ընեն եւ կը դիմեն պատժամիջոցներու հերթական փաթեթին»,- ուշադրութիւն դարձուցած է Լաւրովը: «Մենք գիտենք, որ այդ պատժամիջոցները կ’ընդունուին ԱՄՆ-ի հզօր ճնշումով, ինչը դիտել կու տայ, որ Եւրամիութիւնը ինքնուրոյն չէ»,- ընդգծած է ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը: «Sky News» հեռուստաալիքը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, Փետրուար 12-ին յայտնած է, որ Պրիւքսելը եւ Ուաշինկթընը Մոսկուայի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կը պատրաստեն ի պատասխան Ռուսիոյ կողմէ անցեալ տարուան Նոյեմբերին Քերչի նեղուցին մէջ ուքրանացի նաւաստիներու ձերբակալութեան: Միեւնոյն ժամանակ բրիտանական «Financial Times» թերթը կը գրէ, որ պատժամիջոցները պիտի քննարկուին արդէն Եւրամիութեան արտաքին գործոց նախարարներու՝ Փետրուար 18-ի հանդիպումին եւ գործի պիտի դրուին երկու ամսուան ընթացքին, մինչեւ Մարտի վերջը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին