Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հայաստանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու Դատապարտումը կը Դիտարկէ Համաշխարհային Անվտանգութեան Ապահովման Ծիրէն Ներս. Նիկոլ Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կը դիտարկէ ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգիլման եւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Փետրուար 13-ին, Ազգային ժողովի կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեանի հարցին:

«Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չենք դիտարկեր զուտ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Մենք ատիկա կը տեսնենք ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգիլման եւ համաշխարհային  անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս, որովհետեւ ակնյայտ է, որ ցեղասպանութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ամէաարդիւնաւէտ գործիքներն են, եւ մենք այս ճանապարհին պէտք է ըլլանք առաւելագոյնս գործնական»,- ըսած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով այս ոլորտէն ներս նիւթական ծախսերուն՝ վարչապետը նշած է, որ այդ հարցը կրնան քննարկել ու որոշել, թէ ինչ պէտք է ընել, որ այդ միջոցները ծախսուին առաւել նպատակային:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին