Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Թրամփ Կը Քննէ Քոնկրեսին Մէջ Ձեռք Բերուած Պիւտճէական Փոխզիջումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ կը քննէ պիւտճէական փոխզիջումը, որ առաջարկուած է քոնկրեսին մէջ երկու կուսակցութիւններու բանակցութիւններուն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

ԱՄՆ-ի մէջ արդէն Փետրուար 15-ին կրնայ վրայ հասնիլ հերթական շաթտաունը (shutdown)՝ դաշնային գերատեսչութիւններու աշխատանքի կրճատումը հաստատուած պիւտճէի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

Գործարքը կ’ենթադրէ 88 քիլոմեթր երկարութեամբ արգելապատերու կառուցում սահմանին եւ անոր համար 1.4 միլիառ տոլարի յատկացում՝ 5.7 միլիառի փոխարէն, որ պահանջած է Թրամփը:

«Ես կը քննեմ բոլոր երեւոյթները՝ գիտնալով, որ այդ (միջոցները) կը միացուին մեծաքանակ գումարներու այլ աղբիւրներէ: Մենք գրեթէ 23 միլիառ տոլար կը ստանանք սահմանի անվտանգութեան համար: Անկախ արգելապատի համար յատկացուած գումարէն, ան արդէն այժմ կը կառուցուի»,- գրած է Թրամփը Twitter-ի վրայ, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին